36 տարեկան Քեւըն Տիւրենթ 2023-էն ի վեր Ֆինիքս Սանզի հետ կը փորձէր տիտղոս մը շահիլ, բայց Ֆինիքս չունէր այդ կարողութիւնը:
Տիւրենթ, որ կը նկատուի «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն ամբողջական մարզիկներէն, այժմ կապի մէջ մտած է 3 խումբերու հետ, որոնք աւելի լուրջ են այլ խումբերէ:
Մեծ թիւով խումբեր կրնան օգտուիլ 30 հազար կէտերէ աւելի նշանակող Տիւրենթէն, բայց քիչ են այդ խումբերը, որոնք կարողութիւն ունին մարզիկներ փոխանակուելու` Ֆինիքս Սանզի աստղին հետ:
Թորոնթօ Ռեփթըրզ, Հիուսթըն Ռոքեթց եւ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ ըստ երեւոյթին ամէնէն հաւանականութիւն ունեցող խումբերն են:
Եթէ Ռեփթըրզ յաջողի ձեռք ձգել Տիւրենթը, անոնք պէտք է Ֆինիքսին փոխանցեն Եաքոպ Փէօլթըլը, Էմմանուէլ Քոփքլին, Ար. Ճէյ. Պարեթը եւ այլ նորեկ մարզիկ մը:
Թիմպըրվուլվզ կ՛առաջարկէ Ռուտի Կոպերը, Տոնթէ Տիվինսենցոն, Ռոպ Տիլինկհեմը կամ Թերենս Շանոնը:
Ի վերջոյ, Հիւսթընի պարագային, Ռոքեթց պաշտօնապէս առաջարկեց Ճէյլըն Կրինը եւ Ճապարի Սմիթը, որոնք երիտասարդ են եւ շատ յաջող տարեշրջան մը բոլորեցին Ռոքեթցի հետ:
Սանզ չ՛ուզէր Ճէյլըն Կրինը: Ռոքեթց կրնայ առաջարկել այլ մարզիկներ ձեռք ձգելու Տիւրենթը, բայց ժամանակը գիտէ ի՛նչ կրնայ փոխուիլ:
Կրնայ երրորդ խումբ մըն ալ մտնել Ճէյլըն Կրինը փոխարինելու այլ մարզիկով մը, ինչպէս կը խօսուի Շիքակօ Պուլզի, Պրուքլին Նեթցի եւ Չարլոթ Հորնեթցի մասին, եթէ Ֆինիքս ուզէ այլ խումբ ղրկել Կրինը:
15 անգամ «Օլ Սթար»-ի մրցումի մասնակցած Տիւրենթ, որ 2 անգամ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան դարձած էր, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի հետ դառնալով «Էմ. Վի. Փի.», 2014-ին ալ «Էմ. Վի. Փի.» ընտրուած էր Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի հետ, ուր կատարած էր 9 յաջող տարեշրջաններ: Կոլտըն Սթէյթէն ետք ան միացած էր Պրուքլին Նեթցի` 2019-էն 2023:


