Հայաստանը ներկայացնող քարաթէի մարզիկ Գագիկ Օհանեան մասնակցեցաւ Տապըլեու. Քէյ. Էֆ. «Ճիորճիա օփըն 2025» միջազգային ախոյեանութեան` Քաթա ոճի մարտին (14-էն 15 տարեկան խումբէն):
Այս ոճի մրցումներուն, Գագիկ յաղթելէ ետք 3 հանգրուաններու, գրաւեց առաջին դիրքը, կրկնելով 2023-ի թուականի անհատական արդիւնքը:
«Առաջին մրցակիցս ազգութեամբ ազրպէյճանցի էր, բայց կը ներկայացնէր Վրաստանը: 4-1 արդիւնքով յաղթեցի, եւ այդ մէկը նշանակալի յաղթանակ էր ինծի համար: Աւարտականին մրցակիցս վաղեմի ծանօթս էր, որուն նոյն մրցաշարքի առաջին հանգրուանին յաղթած էր 2023-ին: 5-0 արդիւնքով անգամ մը եւս յաղթեցի անոր», ըսաւ ախոյեան Գագիկ Օհանեան:
Ախոյեանութեան մասնակցեցան 6 երկիրներ` Հայաստան, Վրաստան, Ազրպէյճան, Ուզպեքիստան, Ուքրանիա եւ Սպանիա:


