Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց տղոց ախոյեանութեան կիսաւարտականի (ֆայնըլ 4) յայտագիրը:
Առաջին դիրքը գրաւող Ռիատին շաբաթ օր ժամը 21:45-ին Մանարայի մէջ պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը առաջին ճակատումին:
Կիրակի օր, միւս կիսաւարտականին, Պէյրութ Ֆըրսթ պիտի հիւրընկալէ Սաժեսը, Շիյահի համալիրին մէջ:
Կիսաւարտականի բոլոր ճակատումներն ալ տեղի պիտի ունենան ժամը 21:45-ին, անշուշտ եթէ մասնաւոր ապահովական նոր վիճակ չծագի:
Այսօր ժամը 21:30-ին տեղի կ՛ունենայ բնական ախոյեանութեան գծով յետաձգուած մրցումը` Սաժեսի եւ Ռիատիի միջեւ, Ղազիրի մէջ:
Նշենք, որ ֆետերասիոնը յայտնեց, թէ բոլոր խումբերուն համար արգիլուած է որեւէ փոփոխութիւն կատարել` օտար մարզիկներու գծով, մինչեւ կիսաւարտականէն 48 ժամ առաջ, որմէ ետք որեւէ պատճառով բան կարելի չէ փոխել:
Ստորեւ` կիսաւարտականի յայտագիրը.
Շաբաթ` Ռիատի – ՀՄԸՄ (Մանարայի մէջ)
Կիրակի` Պէյրութ Ֆըրսթ – Սաժես (Շիյահի մէջ)
Երկուշաբթի` ՀՄԸՄ – Ռիատի (Մըզհերի մէջ)
Երեքշաբթի` Սաժես – Պէյրութ Ֆըրսթ (Ղազիրի մէջ)
Չորեքշաբթի` Ռիատի – ՀՄԸՄ (Մանարայի մէջ)
Ուրբաթ` Պէյրութ Ֆըրսթ – Սաժես (Շիյահի մէջ)
Շաբաթ` ՀՄԸՄ – Ռիատի (Մըզհերի մէջ)
Կիրակի` Սաժես – Պէյրութ Ֆըրսթ (Ղազիրի մէջ)
Երկուշաբթի` Ռիատի – ՀՄԸՄ (Մանարայի մէջ)
Երեքշաբթի` Պէյրութ Ֆըրսթ – Սաժես (Շիյահի մէջ)


