Քրեմլին յայտնեց. «Ի տարբերութիւն Ուքրանիոյ, մենք յանձնառու ենք գերիներու փոխանակման համաձայնութիւններուն, որոնք գոյացան Պոլսոյ մէջ»:
«Տնեփրոփեթրովսք գաւառին մէջ գտնուող ռուսական ուժերը աշխատանք կը տանին արգելակիչ շրջան ստեղծելու», նշեց Քրեմլին:
Նշենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախանցեալ օր հաղորդեց, որ ռուսական ուժերու «Տնեփրոփեթրովսքի մարզին մէջ յառաջխաղացումը կը շարունակուի: Ռուսական զօրքերը յաջողած են խորանալ Տնեփրոփեթրովսքի մարզի տարածքին մէջ»:
Ռուսիոյ նախագահական պալատը նաեւ շեշտեց. «Պիտի շարունակենք Ուքրանիոյ հետ երկխօսութիւնը, հակառակ Քիեւի վարչակարգի բնոյթին նկատմամբ մեր տեսակէտին, եւ մինչեւ հիմա նոր բանակցութիւններու վերաբերեալ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյութիւն չունի»:
«ՕԹԱՆ-ը բոլոր դիմակներու վերացումէն ետք ցոյց տուաւ իր յարձակումի գործիք ըլլալու բնոյթը», նշեց Քրեմլին` շեշտելով. «Պիտի ստիպուինք հակադարձել ՕԹԱՆ-ի թշնամական, ներառեալ նոր անդամներու միացման քայլերուն»:
«Ռուսիան ինքնիրեն կը վերապահէ իրաւունքը տեղակայելու միջին եւ կարճ հասողութեամբ հրթիռներ, եւ կրնայ զանոնք օգտագործել անհրաժեշտութեան պարագային», աւելցուց Քրեմլին:


