Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը բարեկամական մրցում մը կատարեց Մոնթենեկրոյի հետ, վերջինիս Նիքշիչ քաղաքին մէջ եւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց` գեղեցիկ մրցումէ մը ետք:
Մրցումին սկիզբէն Հայաստանի ազգային խումբը շատ աւելի լաւ էր մրցակից խումբէն, եւ 24-րդ երկվայրկեանին կոլ մը նշանակեց Կրասնոտարի մարզիկ Էտուարտ Սփերձեանը:
Հազիւ 3 վայրկեան անցած, Եուվենթուսի միջնապահ Վասիլի Ածիչ գլխու հարուածով նշանակեց հաւասարութեան կոլը:
Այլ միջնապահ մը` Անտրիա Պուլաթովիչ 52-րդ վայրկեանին կոլ մը եւս նշանակեց ի նպաստ Մոնթենեկրոյի, բայց Սփերձեանի անզսպելի ազատ հարուածը 81-րդ վայրկեանին Հայաստանը փրկեց` նշանակելով 2-2-ի կոլը:
Քոսովոյի դէմ 5-2 արդիւնքով ծանր պարտութենէն ետք, այս մրցումին Հայաստան շատ աւելի լաւ կրցաւ խաղալ, եւ մարզիչ Վան՛թ Շխիփ ըստ երեւոյթին սկսաւ գիտնալ, թէ ո՛ր մարզիկներուն պիտի վստահի:
Պաշտպանողական գիծը կը մնայ խումբին տկար կէտը, ուր պաշտպաններ աններելի սխալներ կ՛ընեն, հակառակ անհատաբար լաւ ըլլալուն: 4 պաշտպանները պէտք է միշտ իրարու հետ խաղան, անշուշտ բերդապահն ալ պէտք է մնայ նոյնը, որ վարժուի մանաւանդ իր առջեւ գտնուող կեդրոնի յետսապահներուն:
Քոսովոյի դէմ Արարատ-Արմենիայի բերդապահ Հենրի Աւագեան ինք էր, որ կը պաշտպանէր Հայաստանի բերդը, մինչ Մոնթենեկրոյի դէմ Վանի բերդապահ Արսէն Բեգլարեան դաշտ ներկայացած էր:
Նշենք, որ Եւրոպայի մէջ շաբաթավերջին արդէն իսկ սկսած էին 2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումները, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Ճիպրալթար – Խրուաթիա 0-7
Նորվեկիա – Իտալիա 3-0
Հիւսիսային Մակեդոնիա – Պելճիքա 1-1
Չեխիա – Մոնթենեկրօ 2-0
Կալես – Լիխթընշթայն 3-0
Էսթոնիա – Իսրայէլ 1-3
Պոսնիա – Սան Մարինօ 1-0
Անտորրա – Անգլիա 0-1
Մալթա – Լիթվանիա 0-0
Ֆինլանտա – Նետերլանտներ 0-2
Ալպանիա – Սերպիա 0-0
Աւստրիա – Ռումանիա 2-1
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Խրուաթիա – Չեխիա 5-1
Իտալիա – Մոլտովա 2-0
Պելճիքա – Կալես 4-3
Ֆարօ կղզիներ – Ճեպրալթար 2-1
Էսթոնիա – Նորվեկիա 0-1
6 սեպտեմբերին Հայաստան պիտի կատարէ իր զտումի առաջին մրցումը` հիւրընկալելով Ռոնալտոյի Փորթուգալը:


