Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Փինկ Փոնկի Շաբաթավերջը

June 11, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 8  յունիս 2025-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, կազմակերպուած էր փինկ փոնկի մրցաշարք մը, որ կ’ընդգրկէր 18 տարեկանէն  եւ 14 տարկանէն վար տղոց մրցումներ, նաեւ 14 տարեկանէն վար  աղջկանց մրցումներ, նախկին Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ:

Կէսօրուան ժամը 2:00-ին սրահ ներկայացան 33 մարզիկներ, իրենց ծնողներուն հետ: Տարիքային դասաւորումներէն ետք մրցաշարքը սկսաւ 2:20-ին, նոյն ժամանակամիջոցին կը խաղցուէին երեք մրցումներ` որոնց աւարտին պարտուող մարզիկը դուրս կը մնար մրցաշարքէն: Իրաւարարներն էին նոյնինքն մարզիկները` գլխաւորութեամբ Նոել Քէշիշեանին:

Օրուան հաղորդավարն էր Մարալ Հարպոյեան, որ մրցաշարքի ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի դիմատետրէն համակիրներուն կը ներկայացնէր մրցաշարքի ընթացքը, ինչպէս նաեւ կ’ունենար հարցազրոյցներ մարզիկներուն, պատասխանատուներուն եւ ծնողներուն հետ:

Մրցաշարքը վերջ գտաւ ժամը 4:30-ին, եւ  իւրաքանչիւր բաժանմունքի մարզիկներ, ըլլան անոնք աղջիկ թէ տղայ, որոնք հանդիսացան առաջին, երկրորդ եւ երրորդ (2 մարզիկներ), ստացան մետալներ եւ հաստատագիրեր:

Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ Նոել Քէշիշեանին, որ ճիգ չխնայեց սոյն մրցաշարքի յաջողութեան համար: Մրցաշարքի աւարտին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի վարչութիւնը յուշանուէրով մը պատուեց Նոել Քէշիշեան` առ ի երախտագիտութիւն իր տարիներու նուիրումին եւ ծառայութեան:

Կամաւոր բանակի հաստատ քայլերով` դէպի 100-ամեակ:

 

 

Նախորդը

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումի Մը. Մոնթենեկրօ – Հայաստան 2-2

Յաջորդը

Հեծելարշաւ. Լիբանանի Ֆետերասիոնի Բաժակի Մրցումին` ՀՄԸՄ-ական Մարզիկներ Բարձր Դիրքերու Վրայ

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի  Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու  Վերակազմաւորման  Նուիրուած Ձեռնարկ
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու Վերակազմաւորման Նուիրուած Ձեռնարկ

October 1, 2026
Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց  Եւ Հասաւ Կիսաւարտական
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

October 1, 2026
Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Ցաւալի Պարտութիւն Կրեց Մոնթենեկրոյէն
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Սեպտեմբերի Դասաւորումին Մէջ. Հայաստան Մնաց 107-րդ Դիրքին Վրայ

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.