Միացեալ Նահանգներ կը հասկնան ՕԹԱՆ-ի ընդլայնման վերաբերեալ Քրեմլինի պահանջներուն հիմնաւորուածութիւնը եւ պատրաստ են այդ հարցը քննարկելու Ուքրանիոյ հարցին շուրջ խաղաղութեան բանակցութիւններու ծիրին մէջ:
Այս մասին «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ»-ին տուած հարցազրոյցի մէջ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ ներկայացուցիչ Քիթ Քելլոկ:
Ան հաստատած է, որ Սպիտակ տան ղեկավարը պատրաստ է Վլատիմիր Փութինին խոստանալ չընդլայնել ՕԹԱՆ-ը, եթէ ատիկա ըլլայ պատերազմի աւարտի առանցքային պահանջը:
«Ատիկա ամբողջովին հիմնաւորուած մտահոգութիւն է: Այդ հարցը Ռուսիան միշտ պիտի բարձրացնէ: Անոնք ոչ միայն Ուքրանիոյ, այլ նաեւ Մոլտովայի եւ Վրաստանի մասին կը խօսին: Եւ մենք կ՛ըսենք` լաւ, մենք կրնանք քննարկել մինչեւ ձեր սահման ՕԹԱՆ-ի ընդլայնման դադրեցումը: Ատիկա անվտանգութեան ոլորտին մէջ անոնց հետաքրքրութիւնն է», ըսած է Քելլոկ:
Ամերիկացի պաշտօնատարը նաեւ աւելցուցած է, որ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը օրակարգի վրայ չէ: Ըստ անոր, ընդհանուր առմամբ, Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դէմ են 4 երկիրներ:


