Սպիտակ տունը շաբաթ օր յայտարարեց. «Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ հիւլէական համաձայնութեան վերաբերեալ մանրամասն ու ընդունելի առաջարկ մը ուղարկեց Իրանին, եւ անոր շահերէն կը բխի զայն ընդունիլ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ուրբաթ օր Սպիտակ տան մէջ յայտարարած էր. «Մօտիկ ապագային կարելի է Իրանի հետ համաձայնութեան հասնիլ»:
Նշենք, որ Իրանի մէջ իւրանիոմի հարստացման խնդիրը կը շարունակէ առկախ մնալ բանակցութիւններուն մէջ, զորս երկու կողմերը կը կատարեն Օմանի միջնորդութեամբ:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնած է. «Օման, ամերիկեան առաջարկի մը ծիրին մէջ, Իրանին առաջարկած է հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հսկողութեան տակ իւրանիոմի հարստացման շրջանային կայան ստեղծելու գաղափարը»:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը ամերիկեան կայքին յայտնած է. «Ուաշինկթըն որդեգրեց օմանեան առաջարկը եւ կ՛ուզէ, որ իւրանիոմի հարստացման համատեղ կառոյցը Իրանէն դուրս ըլլայ»:
Նախքան այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարած էր, թէ Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսայիտի այցելած է Թեհրան` հիւլէական համաձայնութեան «ամերիկեան առաջարկի կէտերը» ներկայացնելու համար: