Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Ռիատի Աղջկանց Ախոյեան

May 27, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր, Մըզհերի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի 4-րդ ճակատումը, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ այս տարեշրջանին անյաղթ կը մնար, «Աղբալեան ՀՄԸՄ Մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, պարտութիւն մը կրեց եւ դարձաւ փոխախոյեան:

Մրցումը բաւական հաւասարակշռուած էր, ուր երկու խումբերն ալ չէին կրնար տիրապետել մրցակիցին վրայ, բայց 4-րդ եւ վերջին մասին ՀՄԸՄ-Անթիլիասի աղջկանց խումբը չկրցաւ պաշտպանել եւ նոյն պահուն շատ դիւրին կողովներ կորսնցնելով միայն 6 կէտեր նշանակեց 10 վայրկեանի ընթացքին,  մինչ Ռիատի 21 կէտ նշանակեց` մրցումը աւարտելով 60-81 արդիւնքով եւ շահելով իր պատմութեան 7-րդ տիտղոսը:

Անշուշտ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս, որ տարեշրջանէն առաջ թեկնածու էր շահելու այս տարուան ախոյեանութիւնը, ունէր վիրաւոր մարզիկներ, ինչպէս` Քարմէն «Կապի» Սաատ, որ կիսաւարտականին ձեռքը կոտրած էր, մինչ Տանիելլա Ֆայյատ կը փորձէր իր կարելին ընել ցաւերուն դէմ պայքարելով: Նոյնիսկ ամերիկացի Ճիլիըն Արջըր քանի մը մրցում հիւանդ վիճակով խաղցաւ եւ փորձեց իր կարելին տալ, որ սակայն բաւարար չէր, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր պատմութեան մէջ 4-րդ անգամ ըլլալով դառնայ ախոյեան:

Ռիատիի մարզիչ Փոլ Քաֆթըր, որ աղջկանց ազգային խումբն ալ կը մարզէ, մրցումի աւարտին յայտնեց, թէ ՀՄԸՄ-ի օտար մարզիկ Արջըր պիտի մասնակցի Լիբանանի ազգային խումբին հետ յառաջիկայ մրցումներուն:

Արջըր 11 կէտ եւ 18 ռիպաունտ ձեռք ձգեց,  մինչ Մարթա Պըրս 13 կէտ նշանակեց, Տանիելլա 19 կէտ նշանակեց, մինչ Նարինէ Կէօքճեան (6 կէտ), Փաթիլ Ասատուրեան (8 կէտ) եւ Փերլա Պու Նասր (3 կէտ) նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի մնացեալ կէտերը:

Ռիատիի օտար մարզիկներ Սետոնա Փրինս (29 կէտ, 17 ռիպաունտ) եւ Քիոնչէ «Շէյ» Քարթըր (22 կէտ եւ 10 էսիսթ) եղան Ռիատիի աստղերը, մինչ Ռեպեքքա Աքըլ 14 կէտ աւելցուց ի նպաստ ախոյեան կազմին:

Հետաքրքրական էր Ռեպեքքա Աքըլի իրագործումը վերջին 5 տարիներուն ախոյեան դառնալով (2 անգամ Պէյրութի հետ):

Յոյսով, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս յառաջիկայ տարեշրջանին աւելի լաւ պատրաստուած ըլլայ, մանաւանդ լաւ օտարներ ձեռք ձգելով սկիզբէն, ինչ որ վստահաբար կ՛օգնէ ամբողջ եղանակին ներդաշնակ մրցումներ կատարելու:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Հուփս` 126-105

Յաջորդը

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ – Պէյրութ Ֆ. Ք. 1-0

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի  Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու  Վերակազմաւորման  Նուիրուած Ձեռնարկ
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու Վերակազմաւորման Նուիրուած Ձեռնարկ

October 1, 2026
Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց  Եւ Հասաւ Կիսաւարտական
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

October 1, 2026
Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Ցաւալի Պարտութիւն Կրեց Մոնթենեկրոյէն
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Սեպտեմբերի Դասաւորումին Մէջ. Հայաստան Մնաց 107-րդ Դիրքին Վրայ

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.