Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ – Պէյրութ Ֆ. Ք. 1-0

Մայիս 27, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի կէսօրին ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան գծով 4-րդ հանգրուանի իր մրցումը 1-0 արդիւնքով աւարտեց Պէյրութ Ֆ. Ք. խումբին դէմ:

Մրցումը լաւ կ՛ընթանար մինչեւ 44-րդ վայրկեան, երբ մրցակից մարզիկ մը կրցաւ «խաբել» իրաւարարը, որ անակնկալ կարմիր քարտ մը «նուիրեց» Ալի Ապտալլային: Ալի Ապտալլա մրցակից յետսապահի մը հետ կը պայքարէր գնդակին տիրանալու, բայց հազիւ մրցակիցին ուսին դպած, վերջինս ինքզինք գետին նետեց, մինչ գնդակը արդէն դաշտին միւս կողմ անցած էր, ուր միայն ծայրի իրաւարարը «երեւակայեց» դէպքը, եւ սխալ բացատրութեան պատճառով Ալի ստացաւ կարմիր քարտ մինչ մրցակից մարզիկները այնպէս մը կը տօնէին, կարծես կոլ նշանակած ըլլային…

Խմբապետ Մոհամետ Ապտել Սաթեր, որ հիմնական կազմէն դաշտ ներկայացած էր,  քանի մը վայրկեան միայն մասնակցեցաւ մրցումին` տակաւին լաւապէս դարմանուած չըլլալով, եւ փոխարինուեցաւ Վահագն Զարմէնեանով:

Բ. կիսախաղին լաւ ելոյթներ ունեցան խմբապետ (փոխ) Աւագ Պալապանեան, Մարք Հաժ եւ Վահագն Զարմէնեան, որոնք շատ առիթներ ստեղծեցին Մոհամետ Մաթարի համար, որ կորսնցուց զանոնք:

79-րդ վայրկեանին, Մաթար գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց եւ ՀՄԸՄ 3 կէտ ձեռք ձգեց` կէտերու հաշիւը բարձրացնելով 9-ի:

Պէտք է նշել, որ Հայսամ Մոքտատ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ` պաշտպանողական իր դիրքէն բազմիցս խլելով գնդակը մրցակից մարզիկներէն եւ արագ ձեւով կազմակերպելով հակայարձակումներ:

Բաւական մեծ թիւով համակիրներ ալ ներկայ էին դաշտը, եւ անոնց քաջալերանքին շնորհիւ տղաքը 10 մարզիկներով կրցան պայքարիլ եւ 3 կէտ ձեռք ձգել:

Յուսանք, որ այս շաբաթավերջին յաղթանակ մը եւս խլելով խումբը կը բարձրանայ աւելի բարձր դիրք` նկատի ունենալով, որ մեր մրցակիցը` Աթլեթիքօ կը գրաւէ խմբակին առաջին դիրքը.

Ստորեւ` 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.

Սանհատիպ – Տինամօ Պէյրութ 3-2
Արզ – Նօ Լիմիթց 3-1
ՀՄԸՄ – Պէյրութ Ֆ. Ք. 1-0
Աթլեթիքօ – Նուժում 5-2
Անդրանիկ – Սապիլ 4-0

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄԿԷՏ
1.- Աթլեթիքօ10 (20-9)
2.- Սանհատիպ10 (10-6)
3.- ՀՄԸՄ9 (8-4)
4.- Տինամօ Պէյրութ6 (10-6)
5.- Նուժում5 (10-12)
6.- Անդրանիկ4 (7-9)
7.- Պէյրութ Ֆ. Ք.4 (6-8)
8.- Արզ3 (10-14)
9.- Սապիլ3 (6-14)
10.- Նօ Լիմիթց3 (5-10)

5-րդ հանգրուանի յայտագիր.-

ՀՄԸՄ- Աթլեթիքօ
Նուժում – Նօ Լիմիթց
Արզ – Տինամօ Պէյրութ
Սանհատիպ – Սապիլ
Անդրանիկ – Պէյրութ Ֆ. Ք.

 

Նախորդը

Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Ռիատի Աղջկանց Ախոյեան

Յաջորդը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 90-Ամեակի Տօնակատարութիւն. Ֆութպոլի Անմոռանալի Օր

RelatedPosts

Աթլեթիզմ.  Արեւմտեան Ասիոյ Երիտասարդներու Ախոյեանութիւնը Սկսաւ Երէկ
Մարզական

Աթլեթիզմ. Արեւմտեան Ասիոյ Երիտասարդներու Ախոյեանութիւնը Սկսաւ Երէկ

Հոկտեմբեր 3, 2025
«Եու. Էֆ. Սի.»  Նոյեմբերին` Ծառուկեան-Հուքըր
Մարզական

«Եու. Էֆ. Սի.» Նոյեմբերին` Ծառուկեան-Հուքըր

Հոկտեմբեր 3, 2025
«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեց Պարսելոնային. Մոնաքօ Կէտ Խլեց Սիթիէն
Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեց Պարսելոնային. Մոնաքօ Կէտ Խլեց Սիթիէն

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?