Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Հուփս` 126-105

May 27, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը գեղեցիկ յարձակողական պասքեթպոլ մը հրամցուց իր համակիրներուն եւ 126-105 արդիւնքով յաղթեց Հուփսին:

Այս տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով ՀՄԸՄ 18-րդ հանգրուանի գծով այս մրցումին 2 մասերէ իւրաքանչիւրին ընթացքին նշանակեց 30-է աւելի կէտեր: Արդարեւ, առաջին մասին 34 կէտ նշանակելէ ետք տղաքը 39 կէտ նշանակեցին 4-րդ մասին` խլելով յաղթանակը:

Առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցաւ Լենտըրզ Նոլի, որ 25 կէտ նշանակեց 4 յաջող 3 կէտնոց կողովներով: Պէտք է ըսել, որ Թայլըր Պէյ ինք էր մրցումին աստղը` ամէն տեղ հասնելով թէ՛ պաշտպանելու թէ՛ ալ կէտեր նշանակելու: Ան իր տանքերով «կատղեցուց» համակիրները, որոնք պահ մը լուռ մնացած էին, երբ մրցակից Հուփսէն Էյ.Ճէյ. Ինկլիշի 3 կէտնոց կողովներու հաշիւը 8-ի հասաւ: Հուփս 10 կէտով յառաջացաւ, բայց Ճորտըն Սթիվընզ, Պասել Հարֆուշ,  Կապրիէլ Աճէմեան եւ Գէորգ Գէորգ կարեւոր տեղեր իրենց գործը ըրին, մինչ Փիթըր Տեքերմենճեանի «գործ տրուեցաւ» հսկել Ինկլիշի վրայ, որ 30 կէտի վրայ մնաց:

Թայլըր 46 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, Ճորտըն 27 կէտ, 10 էսիսթ, 7 ռիպաունտ եւ 6 սթիլ, Նոլի 25 կէտ, 6 ռիպաունտ, 6 էսիսթ եւ 4 սթիլ, Աճէմեան 9 կէտ եւ 7 էսիսթ Պասէլ Հարֆուշ 12 կէտ: Իր առաջին ելոյթը ունեցաւ նաեւ Մոհամէտ Հոթէյթ, որ 4 վայրկեան մասնակցեցաւ 1 ռիպաունտ եւ 1 կէտ նշանակելով:

Ճորտըն 6 հատ  3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, մինչ Նոլի եւ Հարֆուշ 4-ական յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեցին:

Ամէնէն հետաքրքրականը վերջին երկվայրկեանին էր, երբ Հուփս իր 105-րդ կէտը նշանակեց, Ճէյսըլ Սուֆան գնդակը ստացաւ եւ 20 մեթրէն հեռու դիրքէ մը,  դաշտին ՀՄԸՄ-ի մասի 3 կէտնոց սահմաններէն նշանակեց 126-րդ կէտը:

40 տոկոսով 3 կէտնոց կողովները շատ կարեւոր են, մանաւանդ որ խումբին մէջ մեծ թիւով 3 կէտնոց կողովներ նշանակող մարզիկներ ունինք:

Յուսանք, որ տղաքը վաղը Անթունիէի դաշտին վրայ ալ կարեւոր ճակատումին յաջող օր մը կ՛ունենան եւ 4-րդ դիրքը հաստատող յաղթանակ մը կ՛արձանագրեն 19-րդ հանգրուանի իրենց ճակատումին:

Տակաւին ունինք Շանվիլի, Ռիատիի եւ Թատամոն Հարաժելի դէմ մրցումները, որոնք բոլորն ալ դժուար կը նկատուին: Եթէ լաւ խաղաս, դժուար մրցում չկայ, իսկ եթէ վատ խաղաս, բոլոր մրցումներն ալ դժուար կ՛ըլլան:

Շաբաթ գիշեր վտանգաւոր պահեր եղան, մանաւանդ 3-րդ մասին, բայց երբ լուրջ ըլլայ հարցը, ոեւէ մարզիկ կրնայ փոխել մրցումին պատկերը:

Հիմնական կազմի թէ պահեստի տղոց դիրքերուն վրայ ունինք լաւ պայքարող մարզիկներ, որոնք թէ՛ լաւ կրնան պաշտպանել, թէ՛ ալ կրնան 3 կէտնոց կողովներ ձեռք բերել:

ՀՄԸՄ, ինչպէս մարզիչ ճօ Մոժաէս ըսաւ, զուտ յարձակողական խումբ է, որ արագ պասքեթպոլով կրնայ անակնկալի բերել որեւէ խումբ:

 

 

Նախորդը

Իրան-Միացեալ Նահանգներ Յարաբերութիւններու Հաւանական Ուղղութիւնները Միջին Արեւելքի Մէջ

Յաջորդը

Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Ռիատի Աղջկանց Ախոյեան

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի  Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու  Վերակազմաւորման  Նուիրուած Ձեռնարկ
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու Վերակազմաւորման Նուիրուած Ձեռնարկ

October 1, 2026
Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց  Եւ Հասաւ Կիսաւարտական
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

October 1, 2026
Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Ցաւալի Պարտութիւն Կրեց Մոնթենեկրոյէն
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Սեպտեմբերի Դասաւորումին Մէջ. Հայաստան Մնաց 107-րդ Դիրքին Վրայ

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.