Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում Ժիպէյլի Հայ Կեդրոնին Մէջ Եւ Այցելութիւն Ցեղասպանութեան «Արամ Պեզիքեան» Թանգարան

May 12, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը 25 ապրիլին կազմակերպեց այցելութիւն` դէպի Ցեղասպանութեան թանգարան, նաեւ դասախօսութիւն` Ժիպէյլի Հայ կեդրոնին մէջ:

ԼՕԽ-ականներ հաւաքուեցան Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, ուր դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Ազնիւ Միքայէլեան, որ դիտել տուաւ, թէ հաւաքին նպատակը ոչ միայն ոգեկոչել ու յարգել է յիշատակը մեր բիւրաւոր սուրբ նահատակներուն, այլ` անգամ մը եւս ո՛չ ըսելու շարունակուող ցեղասպանութեան: Ան նշեց, որ Ցեղասպանութենէն 110 տարի ետք հայութիւնը տակաւին կը շարունակէ գոյատեւել, ինչ որ մեծագոյն փաստն է ոճրագործին ձախողութեան: Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ մեծաթիւ հայեր փրկուեցան շնորհիւ օտար այն կիներուն, որոնք լծուեցան որբերու խնամքի ու հոգատարութեան աշխատանքին, եւ որոնք ապրեցան եւ մահացան իբրեւ հայեր: Միքայէլեան յիշեց այդ միսիոնարուհիներէն Քարէն Եփփէն, Աննա Հետուիկ – Պիւլ, Մարիա Ճէյքըպսըն, Պոտել Կատարինէ – Պիորն եւ Ալմա Յովնասիոն` շեշտելով, որ այս բոլոր միսիոնարուհիները որպէս Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներ,` վկայութիւններ ունին հատորներով հայերու տեղահանութիւններու եւ իրենց վրայ գործադրուած բռնութիւններուն մասին: Ապա ան յատուկ կերպով ծանրացաւ Մարիա Ճէյքըպսընին վրայ, որ մայրը հանդիսացած է Ժիպէյլի մէջ «Կիներու առաքելութեան աշխատողներ» կազմակերպութիւնը կողմէ բացուած «Թռչնոց բոյն» որբանոցին մէջ տեղ գտած մեծաթիւ հայ վերապրող մանուկ-պատանիներուն:

Օրուան պատգամաբեր Սարգիս Ա. քահանայ Սարգիսեան նախ դրուատեց ԼՕԽ-ականներու աշխատանքը, որուն ընդմէջէն անոնք երկար տարիներ պայքարեցան եւ տարին հայապահպանման աշխատանք: Պատահական չնկատելով այդ յարմարագոյն վայրին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը` ան ըսաւ, որ ատիկա թանգարան չէ, այլ` վկայարան: Տէր հայրը անդրադարձաւ աշխարհին ու Հայաստանի մէջ կազմակերպուած ոգեկոչման տարբեր նախաձեռնութիւններուն, յատկապէս` Երեւանէն Ծիծեռնակաբերդ ջահերթին, որոնց ճամբով հայութեան զաւակները տէր կը կանգնին իրենց իրաւունքներուն, բայց դժբախտաբար հայրենիքի իշխանութիւնը կը փորձէ յարմարիլ թշնամիին կամքին:

«Մեր զէնքը մեր հաւատքն է, հայ ընտանիքը, հայ արժէքներու եւ մայրենի լեզուին պահպանումը: Մեր հաւատքը զօրաւոր եղած է Վարդանանց ճակատամարտէն սկսեալ:  Մենք կը հաւատանք, որ մեր թշնամիները կրցան մեր մարմինը սպաննել, սակայն մեր հոգին չկրցան սպաննել: Փաստն այն է, որ մենք կանք եւ պիտի մնանք, անպայման պիտի շարունակենք մեր երթը: Քիչ ետք պիտի տեսնենք թանգարանին մէջ որբեր, որոնց ընտանիքները սպաննուեցան, բայց հայու հոգին չկրցան սպաննել», յայտնեց Սարգիս քահանայ: Ապա ան անդրադարձաւ հինգ տարի առաջ Արցախի մէջ տեղի ունեցածին` շեշտելով. «Կը հաւատամ, եւ դուք ալ կը հաւատաք, որ Արցախը հայու հող է, գալիքին պիտի տեսնենք, որ Արցախը դարձեալ մերն է»:

«Ո՛վ կը հաւատայ, որ մենք այդքան ջարդ տեղահանութիւն տեսած ենք, անապատներու մէջ անօթի մնացած ենք, սակայն մեր աննկուն կամքով վերստին ծնանք: Մենք հաւատացեալ ժողովուրդ ենք, Աստուծոյ օրհնութիւնը կայ մեր վրայ: Արդարեւ, Սահակ կաթողիկոս, ինքն ալ գաղթական, անտուն ու անօթի ժողովուրդը, մանուկները հաւաքեց եւ կիրակնօրեայ դպրոց հիմնեց` հաւատալով, որ ազգը այդպէս ոտքի կը կանգնի», եզրափակեց Սարգիս Ա. քահանայ Սարգիսեան:

Ապա ԼՕԽ-ականները մտան Ցեղասպանութեան «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, շրջագայեցան, բացատրութիւններ ստացան, անգամ մը եւս հաղորդուեցան մեր նահատակներու կտակին եւ վերահաստատեցին իրենց ուխտը` հայօրէն ապրելու եւ հայ պահելու իրենց ընտանիքները:

Նախորդը

Այժմու Աշխարհաքաղաքական Իրավիճակը Հարաւային Կովկասի Մէջ

Յաջորդը

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.