Մոսկուայի օդակայանին մէջ Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ մը բերման ենթարկուած է, եւ անոր Ռուսիա մուտքը արգիլուած է: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Ամենայն հաւանականութեամբ, ռուսական կողմը երեսփոխան Ազեր Պատամովը «սեւ ցուցակ»-ի վրայ ներառած է Տումայի անդամ Նիքոլայ Վալույեւի մասին վիրաւորական յայտարարութիւններուն համար:
Պատամով, որ ռուսական կողմի հրաւէրով պաշտօնական պատուիրակութեան կազմին մէջ պէտք էր մեկնէր Ասթրախան, Մոսկուայի օդակայանին մէջ բերման ենթարկուած է:
Անոր չեն արտօնած Ասթրախան մեկնիլ, եւ ան վերադարձած է Պաքու:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ռուսական կողմի այս որոշումը կը նկատենք անբարեացակամ քայլ եւ յստակ բացատրութիւններ կ՛ակնկալենք»:
«Միջադէպին վերաբերեալ մեր դեսպանատան միջոցով անմիջապէս կապ հաստատուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ դէպքը պիտի հետաքննուի, սակայն որոշումին պատճառներուն մասին բացատրութիւն չէ տուած», կը նշէ նախարարութիւնը:


