Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութիւնը հասած է իր կիսաւարտականին, ուր հաւասար կէտեր ունեցող առաջին 3 դիրքերը գրաւող Ռիատին (առաջին), Ազուրը (երկրորդ) եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս միայն իրար դէմ մրցումներու կէտերու տարբերութեամբ է, որ դասուեցան, մինչ անցեալ տարուան փոխախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթ 7 պարտութիւններով գրաւեց 4-րդ դիրքը` 18 մրցումներէ ետք:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ երթին երկու պարտութիւն կրած էր, ապա փոխարինած իր մարզիչը, կրցած էր դարձի 9 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտել` յաղթելով Ռիատիին (74-71) ու Ազուրին (77-73) եւ ձեւով մը մոռցնելով երթի պարտութիւնները:
34 կէտեր հաւաքած Ռիատի համեմատաբար դիւրին մրցակից մը ունի` Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը, որ բնաւ չկրցաւ յաղթել առաջին երեք խումբերուն, եւ կը սպասուի, որ Ռիատի հանգիստ ձեւով հասնի աւարտական:
Այսօր կը սկսին ճակատումները Ռիատիի դաշտին վրայ եւ 1 օր դադարով կ՛ընթանան մրցումները, մինչ ՀՄԸՄ Անթիլիաս վաղը իր առաջին ելոյթը կ՛ունենայ Ազուրի դաշտին` Լուէյզի դպրոցի դաշտին վրայ, ժամը 21:00-ին:
2-րդ ճակատումին` հինգշաբթի օր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Ազուրը:
Յոյսով, որ Ազուրի օտար մարզիկներ Իթալի Լուքասի եւ Վիքթորիա Մաքաուլիի կողքին մեր աղջիկները կրնան զսպել 20 տարեկան տաղանդաւոր Ամար Մանսուրը, անշուշտ առանց մոռնալու վեթերաններ Միրամար Մոքտատը եւ Այտա Պախոսը, Մելոտի Սանեհին կողքին:


