Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերժ Չոփուրեան Եւ Ղասսան Հաժժար Մասնակցեցան Աւազներու Մարաթոնին

April 26, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս Մարոքի մէջ տեղի ունեցաւ 250 քմ երկարող աւազներու մարաթոնը, որուն հազարէ աւելի մարզիկներ մասնակցեցան Մարոքի անապատին մէջ: Ասիկա իր տեսակին մէջ 39-րդ միջազգային մարաթոնն էր:

Այս մարաթոնը անբնական կարողութիւն կը պահանջէ դիմանալու ամէն տեսակի կլիմայական փոփոխութիւններուն, ուր մարզիկները իրենց հետ կ՛ունենան իրենց ուտելիքը, քնանալու պարկը, ինչպէս նաեւ մաքրուելու իրերը: Ցերեկը շատ տաք կլիմայէն ետք գիշերը օդը կը սառի:

Այս մարաթոնին մասնակցեցան երկու լիբանանցիներ, որոնք բարեսիրական նպատակով իրենց մասնակցութիւնը բերին: 62 տարեկան Սերժ Չոփուրեան եւ 57 տարեկան Ղասսան Հաժժար որդեգրած էին քաղցկեղի դէմ պայքարող 14 տարեկան Ալի Մաարքեշի պարագան:

Քաղցկեղի «Չենս» բարեսիրական միութեան նախագահ Ռուլա Ֆարահ յայտնեց, թէ մեծ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուի արեան քաղցկեղի հիւանդներու ծախսերուն հասնելու, մանաւանդ որ անոնք յաճախ կը ստիպուին հիւանդանոց այցելել` արեան քննութիւններու, ինչպէս նաեւ բուժման երկար ժամանակին պատճառով, բան մը, որ կը պատահի Ալի Մաարքեշի հետ ալ, որ բնաւ չի յանձնուիր հիւանդութեան եւ կը պայքարի անոր դէմ:

Չոփուրեան եւ Հաժժար իրենց կարգին յայտնեցին, թէ շատ անգամներ յոգնութեան պատճառով կը մտադրէին կիսատ ձգել մարաթոնը, բայց Ալի Մաարքեշի պայքարը յիշելով իրենց ուժերը հաւաքած եւ շարունակած էին մարաթոնը:

 

Նախորդը

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստան` Եւրոպայի Խմբային Ախոյեան. Լալայեան Եւ Կարապետեան` Ոսկի Մետալակիրներ

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Կը Սուրայ Դէպի Ֆայնըլ 4

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  Խալիլ Այցելեց Հայկական Համայնքական,  Կրթական Եւ Մարզամշակութային Կեդրոններ`  Կապերը Աւելի Եւս Ամրացնելու Համար
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Խալիլ Այցելեց Հայկական Համայնքական, Կրթական Եւ Մարզամշակութային Կեդրոններ` Կապերը Աւելի Եւս Ամրացնելու Համար

November 21, 2026
Բռնցքամարտ.  Յակոբեան Եւ Յովհաննիսեան`  Յաղթական
Մարզական

Բռնցքամարտ. Յակոբեան Եւ Յովհաննիսեան` Յաղթական

November 21, 2026
Ճիւտօ.  Շաւարշ Նահապետեան Աւարտեց  Իր Ելոյթները Աշխարհի Ախոյեանութեան
Մարզական

Ճիւտօ. Շաւարշ Նահապետեան Աւարտեց Իր Ելոյթները Աշխարհի Ախոյեանութեան

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.