ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Այս շաբաթ գիտցայ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը 7,5 միլիոն դրամ (մօտ 19 հազար տոլար) ծախսած է ճամբորդութեան, կեցութեան եւ սնունդին համար տասը թուրք լրագրողներու, որոնք Երեւան հրաւիրուած էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ հարցազրոյց կատարելու համար: Բարեբախտաբար ասիկա մեծ գումար չէ, սակայն անոնց ծախսերը հոգալը լրագրողական բարոյագիտութեան խախտում է:
Ես նաեւ տեղեկացայ, որ հարցազրոյցէն առաջ վարչապետին օգնականները գրաւած են թուրք լրագրողներուն բջիջային հեռաձայններն ու նկարահանման գործիքները, որպէսզի անոնք չկարենան ձայնագրել հարցազրոյցը: Ձայնագրութիւնը կատարուած է միմիայն վարչապետին գրասենեակին կողմէ: Ասիկա լրագրողներու հետ վարուելու շատ անսովոր եւ անընդունելի ձեւ է:
Հետաքրքրական է, որ թուրք լրագրող Ֆարհաթ Պորաթաւը նշած է, որ` «Տաղաւարները (Երեւանի օդակայանին մէջ), ուր նստած էին հայ ոստիկանները, բերուած են Թուրքիայէն` Վրաստանի տարածքով»:
Թուրք լրագրողը հետաքրքրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Փաշինեանի յաճախակի մեկնաբանութիւններով: Ան հարցուց. «Կ՛ուզեմ, որ անդրադառնայիք այս թեմային ուշադրութիւն դարձնելու պատճառներուն: Ինչի՞ կ՛ուզէք հասնիլ այս ձեւով` թէ՛ այստեղի ձեր քաղաքացիներու, թէ՛ սփիւռքի շրջանակներուն մէջ»:
Փաշինեան պատասխանեց. «Իմ ընկալումն այն է, որ պատմութեան մեր դասերը մենք պէտք է ծառայեցնենք այսօրուայ մեր պետութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան պետութեան շահերին, պետական շահերին եւ ապագայի շահերին: Եւ ի միջի այլոց, իմ ընկալմամբ, այս խօսակցութիւնը հասունացած է ե՛ւ Հայաստանում ե՛ւ սփիւռքում… ոչ միայն ներհայաստանեան կամ հայերի միջավայրում, այլեւ` տարածաշրջանային առումով, որովհետեւ դա էլ է հարց: Պատմութիւնը ինչի՞ համար ենք օգտագործում, որ պատմական կոնֆրոնտացիաները (առճակատումները) դառնան յաւիտենակա՞ն, թէ՞ պատմական կոնֆրոնտացիաները մեզ համար ուղերձ են` խաղաղ, համագործակցուած, տարածաշրջանային իմաստով կայուն ապագայ կառուցելու համար: Ես այս երկրորդ ընկալման կողմնակից եմ»:
Այլ թուրք լրագրող մը հարցուց. «Դուք կ՛օգտագործէք «internal armenization of genocide» (ցեղասպանութեան ներքին հայեացում): Կ՛ուզեմ գիտնալ, թէ Ցեղասպանութեան հարցը հիմա ինչպիսի՞ ազդեցութիւն ունի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ: Ըստ ձեզի, ատիկա արդէն նախկին, անցած փո՞ւլ է, անցեալի մէ՞ջ մնացած հարց է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու առումով: Եւ Հայաստան նախապէս, ինչպէս գիտենք, կը վարէր քաղաքականութիւն, որպէսզի Ցեղասպանութիւնը ընդունուի տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ եւ այլն: Կրնա՞նք ըսել, որ այս քաղաքականութիւնը արդէն պիտի չկիրարկուի: Նոյն ձեւով, ձեր սահմանադրութեան ներածական մասին մէջ կան բաժիններ, ուր տեղ գտած են Արեւմտեան Հայաստան եւ Ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնները: Եթէ սահմանադրութիւնը փոխուի ձեր երկրին մէջ, անոնք տեղ պիտի չգտնե՞ն նոր սահմանադրութեան մէջ»:
Փաշինեան պատասխանեց. «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը մեր արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնների մէջ չի մտնում այսօր»: Այդուհանդերձ, ան աւելցուց` առանց օգտագործելու ցեղասպանութիւն եզրը. «Հայաստանում եւ հայութեան շրջանում դա անառարկելի ճշմարտութիւն է: Այսինքն ուղղակի մեր իրականութեան մէջ հնարաւոր չէ դա կամ ժխտել, կամ ուրանալ, որովհետեւ դա բոլորիս համար անուրանալի ճշմարտութիւն է, բայց խօսքը դրա մասին չէ»: Բայց եւ այնպէս, ան նուազագոյնի հասցուց Ցեղասպանութեան ճանաչման նշանակութիւնը` ըսելով, որ երբ հեռաւոր երկիրներ նման որոշում կու տան, երբ ոգեւորութիւնը կը մարի, յաջորդ պահուն հարցում մը կը ծագի` «Իսկ այդ որոշումն ի՞նչ է մեզ տալիս մեր անմիջական միջավայրի հետ մեր յարաբերութիւններում: Երբ մենք անմիջական միջավայրում ունենում ենք լարումներ, այդ լարումներն ինչքանո՞վ են նպաստում մեր երկրում, մեր տարածաշրջանում կայունութեանը, խաղաղութեանը եւ այլն, եւ այսպէս` շարունակ»:
Իր 90 վայրկեան տեւած հարցազրոյցի ամբողջ տեւողութեան Փաշինեան միայն մէկ անգամ օգտագործեց ցեղասպանութիւն եզրը, մինչդեռ թուրք լրագրողը իր հարցումին մէջ չորս անգամ օգտագործեց ցեղասպանութիւն եզրը: Մնացեալ ժամանակին ընթացքին Փաշինեան ցեղասպանութիւնը անուանեց «որոշում» (6 անգամ), «անիկա» (3 անգամ), «պատմութիւն» (39 անգամ), «մեծ ողբերգութիւն» (մէկ անգամ):
Փաշինեան սխալեցաւ, երբ ըսաւ, որ` «Այն ժամանակաշրջանը, երբ տեղի է ունեցել այդ մեծ ողբերգութիւնը, եղել է մի ժամանակաշրջան, երբ չի եղել Հայաստանի Հանրապետութիւն»: Հայաստանի վարչապետը կարծես չի գիտեր, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը տեւած է 1915-1923 թուականներուն, այդ ընթացքին` 1918-1920 թուականներուն, գոյութիւն ունեցած է անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Շատ հիասթափեցնող էր նաեւ Փաշինեանի այն հարցումը, թէ ի՛նչ տուաւ մեզի հեռաւոր երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Ան պէտք է գիտնայ, որ եթէ չըլլար սփիւռքի տասնամեակներու ձգտումը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար, աշխարհի մէջ ոչ ոք ցարդ կը յիշէր, որ գործուած է նման ցեղասպանութիւն, բան մը, որմէ շատ գոհ պիտի ըլլար թրքական կառավարութիւնը: Ճանաչումէն անդին, օր մը, երբ Հայաստանի մէջ ազգային իշխանութիւն ըլլայ եւ միջազգային համապատասխան հանգամանքներ ստեղծուին, հայերը հետամուտ պիտի ըլլան փոխհատուցում ստանալու Ցեղասպանութենէն իրենց կրած կորուստներուն համար, ներառեալ` բռնագրաւուած հայկական ունեցուածքը եւ բռնազաւթուած տարածքները:
Փաշինեան շարունակեց` ըսելով, որ Հայաստան հիմնականօրէն պէտք է խաղաղութիւն հաստատէ իր անմիջական դրացիներուն հետ, ոչ թէ` Աւստրալիոյ, Նոր Զելանտայի կամ Պրազիլի հետ: Ան կարծէք չի հասկնար, որ իրական խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ պատմական ճշմարտութեան եւ արդարութեան վրայ, ոչ թէ` վերաքննութեան (ռեւիզիոնիզմ) եւ կեղծիքներու վրայ: Ան շարունակեց, որ Թուրքիան պէտք չէ սպառնալիք ըլլայ Հայաստանի համար, ինչպէս Հայաստան պէտք չէ սպառնալիք ըլլայ Թուրքիոյ համար: Վարչապետը, ըստ երեւոյթին, կ՛ապրի երեւակայական աշխարհի մէջ: Համոզուած եմ, որ նախագահ Էրտողան անքուն գիշերներ չ՛անցըներ` մտահոգուելով, որ Հայաստան կրնայ որեւէ պահու յարձակիլ Թուրքիոյ վրայ: Ան անհանգստանալու շատ աւելի կարեւոր հարցեր ունի:
Փաշինեան շարունակեց ծաղրել պատմական Արեւմտեան Հայաստան հասկացողութիւնը` ըսելով, որ Արեւմտեան Հայաստանը ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան մասի քաղաքներն են: Եւ յետոյ, թաքցնելու համար հայկական տարածքներու իր զիջումները, ան կը կատարէ ծիծաղելի յայտարարութիւն, որ այս օրերուն աշխարհագրական սահմաններ չկան` շնորհիւ ընկերային ցանցերու եւ համացանցի, որոնք կը հատեն բոլոր սահմանները:
Ինչպէս որ ակնկալելի էր, թուրք լրագրողները անդրադարձան վարչապետին հետ հարցազրոյցին թրքական տեսանկիւնէ` ընդգծելով, որ Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ Փաշինեանի «հաշտուողական մօտեցումը» եւ Թուրքիայէն տարածքային պահանջներու մերժումը այլեւս խոչընդոտներ չեն հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ: Այնուամենայնիւ, յատկապէս գայթակղեցուցիչ թուրք լրագրող, CNN Turk-ի լրատուական տնօրէն Իտրիս Արքանը, Երեւանի Կապոյտ մզկիթին դիմաց կանգնած, անճշդօրէն յայտարարեց թրքական հեռատեսիլի կայանէն, որ պարսիկներու կառուցած մզկիթ` Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ պատմական տեսարժան վայր մը, թրքական է: Ան նոյնիսկ յանդգնեցաւ Երեւանը նկարագրել իբրեւ պատմական թրքական քաղաք: Ահա թէ ինչպէ՛ս հատուցեց CNN Turk-ի լրատուական տնօրէնը Փաշինեանին` Հայաստան կատարած ամբողջութեամբ վճարուած ուղեւորութեան համար:


