Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Յանցաւոր Կա՞յ

March 21, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Կ.

Տարիներ առաջ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը բազմահազար համակիրներ կը ներգրաւէր, ուր բոլոր տարիքի մարդիկ, կին-աղջիկ-երեխայ, բոլորը ամէն ինչ ձգելով կ՛ուղղուէին դաշտ, ուր որ ալ ըլլար մրցումը:

2000-ի սկիզբները դժուար օրեր եղան, խումբը Բ. դասակարգ իջաւ, իսկ համակիրներու թիւը հետզհետէ նուազեցաւ, նոյն պահուն, 1980-ականներէն պասքեթպոլի խումբերը, տղոց թէ աղջկանց, շատ քիչ համակիրներով կը մասնակցէին խումբին մրցումներուն: Օրերը սկսան փոխուիլ, եւ պասքեթպոլի համակիրները սկսան շատնալ, եւ 2014-էն ետք կեդրոնացումը եղաւ պասքեթպոլին վրայ:

Ֆութպոլը նոյն տարիներուն սկսած էր բարձրանալ, նոյնիսկ 2-րդ դասակարգէն վեր բարձրանալու յոյսեր կային, սակայն համակիրներուն երազը մնաց երազ, եւ խումբը ոչ միայն մնաց Բ. դասակարգ, այլ քանի մը տարի ետք սկսաւ նահանջել եւ երկու տարուան ընթացքին հասաւ 4-րդ դասակարգ:

Պասքեթպոլը 2018-ին ամէն տիտղոս կրցաւ շահիլ, բայց յաջորդ տարիներուն վրայ հասաւ երկրին անկայուն վիճակը, ապա «Քովիտ-19»-ն, որմէ ետք նոյնիսկ պասքեթպոլի համակիրները նուազեցան:

Նոյնիսկ այս տարի, հակառակ շատ լաւ արդիւնքներուն, համակիրները ըստ երեւոյթին կը նախընտրեն տունէն դիտել:

Բարեկամի մը նոյն հարցումը ուղղեցի, ան ալ ինծի համոզիչ պատասխան մը տուաւ: «Մրցումէն ժամեր առաջ ոտքի կը սպասեմ մինչեւ որ դաշտին դռները բացուին, մինչ բացուելէն ետք աթոռները գրաւուած կ՛ըլլան պատանիներով: Լաւ բան է պատանիներուն ներկայութիւնը, որ նոյնքան կարեւոր է անոնց ապագային համար` կրթուած սերունդ մը ըլլալու, որպէսզի զգան ինչ որ մենք կը զգայինք մեր պատանեկան օրերուն մեր արեան մէջ` ՀՄԸՄ-ը զգալով եւ ապրելով»:

Թերեւս ապագային, եթէ աւելի մեծ դաշտ ունենանք, կրնանք բոլորս մեկնիլ դաշտ, նստած դիտելով, քաջալերելով եւ ուրախ ժամեր անցընելով` բարձրացնելով ատրենալինը եւ եռացնելով ՀՄԸՄ-ականի արիւնը:

 

 

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութեան Հայաստանի Ազգային Խումբերը Յայտարարուեցան

Յաջորդը

Շոյկու. «Ուքրանիոյ Սահմանադրութիւնը Կը Խանգարէ Խաղաղութեան Հաստատումը»

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  Խալիլ Այցելեց Հայկական Համայնքական,  Կրթական Եւ Մարզամշակութային Կեդրոններ`  Կապերը Աւելի Եւս Ամրացնելու Համար
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Խալիլ Այցելեց Հայկական Համայնքական, Կրթական Եւ Մարզամշակութային Կեդրոններ` Կապերը Աւելի Եւս Ամրացնելու Համար

November 21, 2026
Բռնցքամարտ.  Յակոբեան Եւ Յովհաննիսեան`  Յաղթական
Մարզական

Բռնցքամարտ. Յակոբեան Եւ Յովհաննիսեան` Յաղթական

November 21, 2026
Ճիւտօ.  Շաւարշ Նահապետեան Աւարտեց  Իր Ելոյթները Աշխարհի Ախոյեանութեան
Մարզական

Ճիւտօ. Շաւարշ Նահապետեան Աւարտեց Իր Ելոյթները Աշխարհի Ախոյեանութեան

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.