Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սթարմըր. «Խաղաղութիւնը Պէտք Չէ Նախայարձակը Վարձատրէ. Պատմութիւնը Պէտք Է Խաղաղարարին Կողքին Ըլլայ, Ոչ` Ներխուժողին»

March 1, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Գոյութիւն ունի Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ պատերազմին վերջ տուող խաղաղութեան պատմական համաձայնութեան հասնելու մեծ առիթ մը»:

«Կ՛ողջունեմ Թրամփի` Ուքրանիոյ մէջ կռիւին վերջ տալու յանձնառութիւնը», նշեց Սթարմըր` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ պէտք է երաշխաւորեն, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատերազմին պիտի չվերադառնայ»:

«Յանձնառու ենք միասնաբար աշխատելու` հասնելու համար Ուքրանիոյ մէջ արդար խաղաղութեան եւ Ուքրանիոյ աւելի մեծ, քան երբեւէ աջակցութիւն պիտի տրամադրենք», ըսաւ ան:

«Պատրաստ ենք գետնի վրայ ուժեր տեղակայելու Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան աջակցելու համար», յայտարարեց Բրիտանիոյ վարչապետը` նշելով. «Մեր կարելին պիտի ընենք երաշխաւորելու համար մեր երկու ժողովուրդներուն անվտանգութիւնը»:

Սթարմըր ողջունեց Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւնը հաստատելու ջանքը, սակայն զգուշացուց. «Բրիտանիոյ մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք հռչակաւոր ասացուածք մը կայ, թէ պէտք է խաղաղութիւնը շահինք: Եւ այդ է, որ հիմա պէտք է ընենք, որովհետեւ անիկա չի կրնար ըլլալ խաղաղութիւն մը, որ նախայարձակը կը վարձատրէ: Այդ մէկը Իրանի նման վարչակարգեր կը քաջալերէ: Համաձայն ենք, որ պատմութիւնը պէտք է խաղաղարարին կողքին ըլլայ, ոչ` ներխուժողին»:

Թրամփ իր կարգին յայտնեց, որ պատերազմին վերջ տալու բանակցութիւնները «շատ լաւ յառաջացած են», սակայն նաեւ զգուշացուց, որ համաձայնութեան գոյացման համար միայն «փոքր պատուհան մը» գոյութիւն ունի: «Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը մօտ օրէն տեղի պիտի ունենայ: Եթէ շուտով տեղի չունենայ, կրնայ երբեք տեղի չունենալ», յայտարարեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Սթարմըր նաեւ նշեց, որ կիրակի օր Լոնտոնի մէջ պիտի հիւրընկալէ 18 երկիրներու ներկայացուցիչներու վեհաժողովը` քննարկելու համար Ուքրանիոյ հարցով հետագայ քայլերը:

Եւրոպական Միութիւնը Կը Մերժէ Ուքրանիոյ Դիմաց
Օթան–ի Դուռը Փակելու Թրամփի Դիրքորոշումը

Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս յայտնեց, որ Ուքրանիոյ անվտանգութեան լաւագոյն երաշխիքը անոր ՕԹԱՆ-ին միանալն է:

Քալլաս ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը ամբաստանեց ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դուռը Քիեւի առջեւ փակելու իր դիրքորոշումով ռուսական թակարդը իյնալու յանցանքով:

Ան զգուշացուց, որ եւրոպացիները պիտի չկարենան Ուքրանիոյ շուրջ խաղաղութեան համաձայնութեան հասնելուն օժանդակել, եթէ Միացեալ Նահանգներու կողքին չմասնակցին բանակցութիւններուն, որոնցմէ զիրենք մինչեւ հիմա հեռու կը պահէ Սպիտակ տան ղեկավարը` ուղղակի կերպով բանակցելով իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ:

 

Նախորդը

Օճալան ՔԱԿ-ին Կոչ Կ՛ուղղէ Զէնքերը Վար Դնելու Եւ Ինքնալուծարուելու

Յաջորդը

Քանատայի Վարչապետը Թրամփի Խոստումի Գործադրութեան Դէմ «Խիստ Ոճի Զգուշացում» Մը Յղեց

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.