Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զաւէն Խանճեան` Դիւանագէտի Կարողութեամբ Օժտուած Ղեկավարն Ու Եռանդուն Մտաւորականը…

February 22, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ազգային մեր կեանքին մէջ ցարդ չտեսնուած երեւոյթ մըն էր, որ մտաւորականի մը ու համայնքային ղեկավարի մը մահուան տխուր առիթով հրապարակային այնքան ելոյթներ ու անդրադարձումներ կատարուին:

Զաւէն Խանճեան, Ռազմիկ Դաւոյեան, Խոսրով Ասոյեան ու Պօղոս Գուբելեան
կ՛այցելեն Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան զոհերու կոթողը:  

Սրտաճմլիկ, տխուր այդ առիթով գրեթէ ամէն ինչ ըսուեցաւ մեր գրչակից ընկերոջ`  Զաւէն Խանճեանին գրական, համայնքային կեանքն ու  գործունէութիւնը յատկանշող տուեալներու մասին: Սակայն ես այն քիչերէն եմ, որոնց բախտը վիճակուեցաւ ոչ միայն գրական ու համայնքային երեկոներուն անոր մտերմութիւնը ապրելու, այլ ընտանեօք բախտը ունեցանք Խանճեաններուն հետ գեղատեսիլ Էմերոլտ Այլի բլրան վրայ դուռ-դրացի ըլլալու երկար տարիներ եւ Զաւէնին, անոր կնոջ` Սոնային ու անոնց անչափահաս զաւակներուն սէրն ու մտերմութիւնը վայելելու:  Տակաւին, մեր յարկերէն ներս գրական երեկոներ հիւրընկալելը Լոս Անճելըսի հայկական գաղութին  մէջ աւանդութիւն ու պահանջ դարձած էր: Եւ այդ բոլոր գործունէութեանց ետին կանգնած էին մեր եռանդուն կողակիցները` Սեդան ու Սոնան: Ինչպէս առածը կ՛ըսէ` «Ամէն յաջողակ տղամարդու ետին կին մը կանգնած է…»: Այս պարագային, Զաւէնի ետին լերան մը նման թիկունք կանգնող անոր կողակիցը` Սոնան, իր ամուր նկարագրով ու գիտակցութեամբ, միշտ ալ քաջալերած եւ ուղեկիցը դարձած է ամուսնոյն, որ բախտաւոր էր  ասոր համար: Բայց եւ այնպէս, իր կողքին ամուր նկարագրով կողակից ունեցած ըլլալը դոյզն չափով չի նուազեցներ մեր ողբացեալ ընկերոջ ցուցաբերած ղեկավարի արժանիքները: Սակայն, հակառակ իր վայելած համընդհանուր յարգանքին ու ժողովրդականութեան, ան ամէն քայլափոխի պահեց իրաւ հայ քրիստոնեայի ու մտաւորականի օրինակելի համեստութիւնն ու ժուժկալութիւնը…

Զաւէն Խանճեանը իր կնոջ` Սոնայի կողքին, գրական երեկոյի մը ընթացքին:   

Եթէ երբեք  Զաւէն Խանճեանը, փոխանակ իր համայնքին ղեկավարութիւնը ստանձնելու ու գրականութեամբ զբաղելու` քաղաքական ուղին ընտրէր, վստահ ենք, որ դիւանագէտի իր ճկունութեամբ ու կառուցուածքով մեծ յաջողութիւններու կը հասնէր:

Արդարեւ, Խանճեանին յետմահու ի յայտ եկած ժողովրդականութիւնը անհաւատալի կը թուի իր բարեկամներու շրջանակին ու սկեպտիկներուն հաւասարապէս: Ինքը` հայ աւետարանական համայնքի զաւակ, ես` հայ կաթողիկէ, բայց եւ այնպէս, տասնամեակներու ընթացքին մեր միջեւ երբեք գաղափարական բախում եւ վէճ տեղի չէ ունեցած, այլ` խոր սերտակցութիւն ու հասկացողութիւն: Ընդհակառակը, կարծէք համայնքային նոյն ընտանիքին պատկանէինք: Արդարեւ, Զաւէն Խանճեանի նկարագիրին մէջ չկար հակաճառել ու դիմացինը վիրաւորել: Իրեն յատուկ ժպիտով ան մտիկ կ՛ընէր զրուցակիցին առարկութիւնները եւ անհաճոյ թուացող ելոյթը ու իր այդ կեցուածքով զինաթափ կ`ընէր զայն: Ճիշդը` այս պահուս շուարած եմ ու չեմ գիտեր իր այդ յատկութիւնը աստուածատո՞ւր կոչել, թէ՞ բնատուր…

Գասպարեան կաթողիկոս-պատրիարքը Գուբելեաններու յարկին տակ, կողքին`
Ներսէս Սեթեան ու Վարդան Աշգարեան եպիսկոպոսները:

Գրչեղբայր Զաւէնին անսահման նուիրումին ու տքնաջան աշխատանքին իբրեւ արդիւնք` հայ աւետարանական համայնքը թեւեր առաւ, աւելի բարգաւաճեցաւ, հզօրացաւ: Դժբախտաբար հայ կաթողիկէ համայնքը նոյն բախտին չարժանացաւ` հակառակ իր ծոցին մէջ գործող երիտասարդ մտաւորականներու գերմարդկային ջանքերուն: Որովհետեւ հայ կաթողիկէ կղերին որոշ մէկ մասը, դժբախտաբար,  տառացի ու բառացի առած է` հօտ եւ հօտարած հովիւի  դրոյթը, ու իր կողքին չի հանդուրժեր աշխարհական ղեկավարութիւն: Բացառութիւնները միշտ յարգելի են… Այո՛, մեր կղերը մեծ մասամբ ժխտական ընթացք որդեգրած է համայնքին մէջ գործող մտաւորական ղեկավարութեան հանդէպ, որուն համար կարելի չէ միայն կղերը այպանել…

Փոխարէնը` ողբացեալ Զաւէն Խանճեանին ամբողջ կեանքը անսակարկ նուիրում եղած է իր ազգին, իր համայնքին, հայ դպրութեան ու իր ընտանիքին, իր սիրելի կողակիցին` Սոնային, իր դստեր` Վանային, իր մանչերուն` Վարդգէսին ու Հրակին եւ իր թոռներուն: Անոնք ալ, իրենց կարգին, մեծապէս գնահատած են իրենց ծնողաց սէրն ու գուրգուրանքը` հաւատարիմ մնալով իրենց ջամբուած հայեցի ու հոգեւոր դաստիարակութեան:

Մեր ողբացեալ գրչեղբօր Զաւէն Խանճեանին կիրարկած ու գործի դրած չափանիշները իրեն յաղթահարել տուին աներեւակայելի բարձունքները: Ասոր հետ մէկտեղ, իր կողքին ամուր նկարագիրով կողակից ունեցած ըլլալը մազաչափ  իսկ չի նուազեցներ անոր ղեկավարի արժանիքները: Եւ հակառակ իր վայելած ժողովրդականութեան ու  պատիւին` ան մինչեւ վերջին շունչը պահեց իր օրինակելի համեստութիւնը:

Չեմ գիտեր` ի՛նչ բառերով բացայայտել այն իրողութիւնը, թէ Զաւէնը, իրեն մտերիմ բարեկամ Երուանդ Գոչունեանին հետ, որպէս ներհուն մտաւորականներ ու գրչակից ընկերներ, իրենց խոնարհ անկիւնէն, շինիչ մասնակցութիւն բերած են ամերիկահայ գրական կեանքին: Երկուքին ալ յիշատակը միշտ վառ ու կենդանի պիտի մնայ զիրենք ճանչցողներուն ու ընդհանրապէս ընթերցող հասարակութեան մէջ…

Հողը թեթեւ գայ, եղբա՛րք սիրելի…

Զաւէնին գրական արգասիքներու մաս կը կազմեն երեք հատորներ` «Այս տունը քուկդ է, թէ իմս», «Սրտի ու մտքի ցոլքեր» եւ «Հալէպ առաջին կայանը»: Նաեւ` հայերէն ու անգլերէն լեզուներով բազմաթիւ յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են հայ մամուլի մէջ:

2 փետրուար 2025,  Ռիչմընտ, Վիրճինիա

 

 

Նախորդը

Ա23 Սառցալեռը Կը Շրջի Ատլանտեան Ովկիանոսին Մէջ

Յաջորդը

«Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Նիւթով Աշակերտական Հանրային Բանավէճ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.