Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էն. Պի. Էյ. Պոսթըն Յաղթեց Քլիվլենտի

February 6, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քլիվլենտ Քեվելիրզ երէկ իր դաշտին վրայ շատ դժուար մրցում մը ունեցաւ անցեալ տարուան ախոյեան Պոսթըն Սելթիքսի դէմ, որ 112-105 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:

Քլիվլենտ, որ 28 մրցումներու ընթացքին երբ 4-րդ պարտութիւնը կրեց իր դաշտին վրայ, չկրցաւ զսպել Պոսթընը, որ պահ մը 20 կէտի առաւելութիւն ալ ունեցաւ:

Տոնավըն Միչել 31 կէտ նշանակեց եւ Տատիըս Կարլենտ աւելցուց 25 կէտ ի նպաստ Քլիվլենտի, որ 4-րդ մասին փորձեց մօտենալ` 15 կէտի տարբերութիւնը նուազեցնելով 4-ի, սակայն Ճէյսըն Թէյթըմ (22 կէտ), Տերեք Ուայթ (20 կէտ), Քրիսթափս Փորզինկիս (19 կէտ) եւ Ճէյլըն Պրաուն (16 կէտ եւ 9 ռիպաունտ) ցոյց տուին, թէ պէտք եղած պահուն լաւ կրնան խաղալ:

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ, որ կը հիւրընկալէր Տալաս Մեւրիքսը, իր կազմին մէջ վերստին ընդունեց Ժոել Էմպիիտը, որ 1 ամիսէ ի վեր կը բացակայէր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Էմպիիտ 29 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ կատարեց` օգնելով Ֆիլատելֆիոյ, որ 118-116 արդիւնքով յաղթէ Տալասին: 14 մրցումներ կատարած Էմպիիտ ձախ ծունկը վիրաւորած էր` բացակայելով 15 մրցումներէ:

Քայրի Ըրվիկ եղաւ Տալասի հերոսը` նշանակելով 34 կէտ, մինչ իր նոր խմբակից Անթոնի Տէյվիս դուրսէն դիտեց մրցումը, տակաւին ստամոքսի մկանի ցաւէ տառապելուն պատճառով:

Լոս Անճելըսի «տերպիին» Քլիփըրզ իր դաշտին վրայ 25 կէտի տարբերութեամբ պարտութիւն մը կրեց Լէյքըրզէն:

Լըպրոն Ճէյմս 26 կէտ, 9 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որուն կիրակի օր միացաւ սլովենիացի Լուքա Տոնչիչ, որ սակայն վիրաւոր ըլլալուն պատճառով դուրսէն կը դիտէր: Օսթըն Ռիվզ եւ Ռուի Հաշիմուրա 20-ական կէտ աւելցուցին ի նպաստ Լէյքըրզին: Քլիփըրզի լաւագոյն մարզիկներն էին Նորմըն Փաուըլ (20 կէտ) եւ Տերեք Ճոնզ (17 կէտ), մինչ Ճէյմս Հարտըն (7 կէտ) եւ Քուայ Լենըրտ (11 կէտ) բաւական լուռ մրցում մը ունեցան:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Տալաս Մեւրիքս 118-116
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Նիւ Եորք Նիքս 115-121
Պրուքլին Նեթց – Հիուսթըն Ռոքեթց 99-97
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Պոսթըն Սելթիքս 105-112
Շիքակօ Պուլզ – Մայեմի Հիթ 133-124
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 112-89
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 97-122

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ.

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
1.- Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 39 9
2.- Մեմֆիս Կրիզլիզ 34 16
3.- Հիուսթըն Ռոքեթց 32 18
4.- Տենվըր Նակեթց 31 19
5.- Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 29 19
6.- Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 28 22
7.- Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 27 23
8.- Տալաս Մեւրիքս 26 25
9.- Սաքրամենթօ Քինկզ 25 24
10.- Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 25 24
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆ
1.- Քլիվլենտ Քեվելիրզ 40 10
2.- Պոսթըն Սելթիքս 36 15
3.- Նիւ Եորք Նիքս 34 17
4.- Ինտիանա Փէյսըրզ 28 21
5.- Միլուոքի Պաքս 26 22
6.- Մայեմի Հիթ 24 24
7.- Տիթրոյիթ Փիսթընզ 25 25
8.- Օրլանտօ Մեճիք 24 27
9.- Աթլանթա Հոքս 23 27
10.- Շիքակօ Պուլզ 22 29
Նախորդը

Ձմեռնային Փոխանցումներու Ամէնէն Արժէքաւորը Տիւրանն Էր` Դէպի Նասր

Յաջորդը

Նէյմար Ուղղաթիռով Կը Ներկայանայ Փորձի…

RelatedPosts

ՀՄԸՄ Պէյրութ` Դ. Դասակարգի Ախոյեան
Մարզական

ՀՄԸՄ Պէյրութ` Դ. Դասակարգի Ախոյեան

October 5, 2026
Ասիական Խաղեր.  Շայէպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ
Մարզական

Ասիական Խաղեր. Շայէպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ

October 5, 2026
Սամպօ.  Հայաստան Լաւ Ձեւով Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Սամպօ. Հայաստան Լաւ Ձեւով Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.