Եւրոպայի լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններու ձմեռնային փոխանցումներու պատուհանը արդէն իսկ փակուած է: Տակաւին կան որոշ փոխանցումներ, որոնց մասին պաշտօնական ձեւով յայտարարութիւն չէ ելած, բայց «աղմկայարոյց» կամ շատ բարձր փոխանցումի հաւանականութիւնը շատ քիչ է:
Ամէնէն «սուղ» կամ արժէքաւոր փոխանցումը կատարուեցաւ, երբ Սէուտական Արաբիոյ Նասր խումբը, որուն մաս կը կազմէ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, ձեռք ձգեց Ասթոն Վիլայի քոլոմպիացի երիտասարդ (21 տարեկան) յառաջապահ Ճոն Տիւրանը` փոխան 77 միլիոն եւրոյի: Պելճիքացի միջնապահ Չաւի Սիմոնզ, որ աշխատավարձով կը խաղար Գերմանիոյ Ռետ Պուլ Լայփցիկի հետ, պաշտօնապէս եղաւ Լայփցիկի մարզիկ, երբ Փարիզ Սեն Ժերմեն 50 միլիոն եւրոյի փոխարէն տուաւ անոր «ստորագրութիւնը»:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 11 ամէնէն արժէքաւոր փոխանցումներու ցանկը.
1.- Ճոն Տիւրան, Ասթոն Վիլայէն` Նասր – 77 միլիոն եւրօ
2.- Օմար Մարմուշ, Այթրախթ Ֆրանքֆորթէն` Մանչեսթըր Սիթի – 75 միլիոն եւրօ
3.- Քվիչա Քվարացխելիա, Նափոլիէն` Փարիզ Սեն Ժերմեն – 70 միլիոն եւրօ
4.- Նիքօ Կոնսալես, Փորթոյէն` Մանչեսթըր Սիթի – 60 միլիոն եւրօ
5.- Չաւի Սիմոնզ, Փարիզ Սեն Ժերմենէն` Լայփցիկ – 50 միլիոն եւրօ
6.- Կալենօ, Փորթոյէն` Ահլի – 50 միլիոն եւրօ
7.- Ապտուխոտիր Խուսանով, Լանսէն` Մանչեսթըր Սիթի – 40 միլիոն եւրօ
8.- Վիթոր Ռէյս, Փալմէյրասէն` Մանչեսթըր Սիթի – 37 միլիոն եւրօ
9.- Լուիս Էնրիքէ, Պոթաֆոկոյէն` Զենիթ – 33 միլիոն եւրօ
10.- Սանթիակօ Խիմենես, Ֆեյենուրտէն` Ա. Սէ. Միլան – 32 միլիոն եւրօ
11.- Փաթրիք Տորկու, Լեչէէն` Մանչեսթըր Եունայթըտ – 30 միլիոն եւրօ
Նշենք, որ Մանչեսթըր Սիթիի 4 փոխանցումները տասնեակին մէջ կը գտնուին: Այս ձմեռ երկու փոխանցումներէ մեծ գումար վաստկեցաւ Փորթուգալի Փորթոն, որ 110 միլիոն եւրօ «շահեցաւ»:




