Պարսելոնայի ծայրի յառաջապահ (ուինկ) Լամին Եամալ պատմական մրցանիշ հաստատած է «Լա լիկա»-ի 22-րդ հանգրուանին Ալավեսի դէմ մրցումին:
17 տարեկան Եամալ 11 յաջող տրիպլինկ (մրցակց խաղի բերել) կատարած է: Ան 21 փորձերէն 11-ին յաջողած է Պարսելոնայի տարազով մրցանիշ մը կերտելով` բարելաւելով Լիոնել Մեսսիի մրցանիշը, զոր արձանագրած էր 2007-ին` Մայորքայի դէմ (10 յաջող տրիպլինկ):
Եամալ, որ այս տարեշրջանին բոլոր մրցաշարքերուն գծով 29 ելոյթ ունեցած է` Պարսայի հետ նշանակելով 10 կոլ եւ կատարելով 15 էսիսթ, շատ լաւ կէտեր ունի, բան մը, որուն շնորհիւ ակումբը կը մտածէ 5 տարիով երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը: Միակ պատճառը, որ կրնայ զինք հեռու ձգել Պարսելոնայէն, իր բնաւորութիւնն է:
Ըստ երեւոյթին ակումբին մէջ նկատած են անոր վարքագիծի որոշ փոփոխութիւններ, օրինակ` ան վերջերս անտեսած է իրեն հետ լուսանկարուիլ փափաքող երեխաները, ինչպէս նաեւ հարցազրոյցներ տալէ հրաժարած է մրցումներու աւարտին եւ բացայայտ դժգոհութիւն կը յայտնէ, երբ մրցումի պահուն փոխարինուի: Այս բոլորը սկսած են մտահոգել քաթալոնական ակումբին ղեկավարութիւնը:
Շատ մարդիկ կը կարծեն, թէ ֆութպոլիստ ըլլալը դիւրին է, բայց պէտք է շատ կարգապահ ըլլայ մարզիկ մը մնալու համար ուր որ է, նաեւ որպէսզի տարիներով փայլի եւ մակարդակը պահէ ամէն տեսակի վայելքներէ զրկուելով:
Շատ լաւ օրինակներ են Քրիսթիանօ Ռոնալտոն, Լիոնել Մեսսին եւ հայկական ֆութպոլին մէջ Հենրիխ Մխիթարեանը:


