Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ 134-Ամեակ. Այժմէական Եւ Թելադրական Խոհեր Անցեալէն

January 31, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յեղափոխական երգերն ծնունդ առին 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը, այն ժամանակ, երբ հայ ժողովուրդը Օսմանեան կայսրութեան հայահալած քաղաքականութեան դէմ պայքար կը մղէր իր մարդկային ու քաղաքական տարրական իրաւունքներու, կեանքի ու ինչքի ապահովութեան եւ ազատութեան ձեռքբերման ի խնդիր:

Յեղափոխական երգերուն մէջ կ՛արտացոլան հայ ազատագրական պայքարի հերոսական դրուագները, խոյանքները` իրենց ուսանելի շատ մը դասերով:

Այս իմաստով հետաքրքրական եւ այժմէական է 1973-ին, «Ազդակ»-ի մէջ Հրանդ Աճէմեանի ստորագրած «Դաշնակցականին նկարագիրը հայ յեղափոխական երգերուն մէջ» յօդուածը, զոր կու տանք ստորեւ:

* * *

Երգը կամ երաժշտութիւնը` հոգիները ազնուացնող, մարդկային ազնիւ զգացումներու,  ձգտումներու, գեղեցիկի եւ վսեմի գաղափարներու ծնունդ տուող, անհատի կամ հաւաքականութեան մը ներաշխարհը բիւրեղացնող, նկարագիրներ յղկող եւ իտէալներ յղացնող ու ոգի ծնող արուեստն է: Իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ ժողովուրդ ունի անպայման իր երգն ու երաժշտութիւնը, որոնք արտայայտութիւնն են տուեալ ժողովուրդի բովանդակ պատմութեան:

Մեր խօսքը մասնաւորելով հայ երգի մասին, պէտք է ըսել, որ հայ երգը հարազատ արտացոլացումն է մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան:

ԺԹ. դարը` հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, բառի ամբողջական իմաստով, յեղաշրջում յառաջ բերաւ: Հայրենիքի ազատութեամբ եւ պետականութեամբ օժտելու ոգին գլխաւոր հիմքը կազմեց մեր երգարուեստին: Այդ շրջանին մեր ժողովուրդի ապրած կեանքն ու քաղաքական յղացումները իրենց պտղաբերումը ունեցան հայ երգի անդաստանին մէջ, որուն նուիրեալ մշակները հանդիսացան` հայ ազատագրական պայքարի ռահվիրաներէն Րաֆֆին` իր «Ձայն տուր ո՛վ ծովակ», Միքայէլ Նալբանդեան` իր «Ազատութիւն», «Մեր հայրենիք», «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան` իր «Մահ քաջորդւոյն», «Թաղումն քաջորդւոյն» բանաստեղծութիւններով, եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Այս բոլորը հայ երգի ասպարէզին մէջ բացաւ նող ուղի եւ նոր դարաշրջան մը: Ծնաւ հայ երգի նոր մանուկը, որ` մկրտուելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարական աւազանին մէջ, կոչուեցաւ Հայ յեղափոխական երաժշտութիւն:

Հայ յեղափոխական երաժշտութիւնը, կարճ ժամանակամիջոցին արագ զարգացում ու տարածում ունեցաւ եւ յայտնաբերեց ոչ միայն մեր ժողովուրդի կեանքի պատմութիւնը, այլ նաեւ հայելին հանդիսացաւ հայրենիքի անկախութեան գաղափարին կառչած գաղափարական նոր սերունդի յոյզերուն ու ապրումներուն: Հայը, տիրող քաղաքական նոր պայմաններու եւ իր մէջ հետզհետէ մխացող ազգային-հայրենասիրական հրավառ բոցերու ջերմութեան տակ, ունեցաւ նկարագրային նոր գիծեր, զգացումներու եւ տրամաբանութեան նոր ըմբռնումներ: Ատիկա կուսակցական սերունդի, ՀՅ Դաշնակցութեան զինուորագրեալ սերունդի նկարագիրն է, որ հայ յեղափոխական երգերուն մէջ կ՛արտացոլայ իբրեւ բարոյականութեան ու պատուի, բարութեան, ոգիի փոխանցման, քաջութեան, նուիրումի ու զոհողութեան սկզբունքներու խորհրդանիշ:

Բարոյականութեան ու պատուի մասին դաշնակցականի ըմբռնումը մեծ տեղ գրաւած է հայ յեղափոխական երգերու մէջ: Նոյնիսկ կռուի դաշտին վրայ դաշնակցականը գիտէ բարոյական պատիւը պահել ոսոխի կնոջ հանդէպ: Այս նկարագիրը լաւագոյնս կ՛արտացոլուի «Խանասորի երգ»-ին մէջ, ուր կը նկարագրուի հայ ֆետայիներու ունեցած կռիւը քրտական մազրիկ կոչուած ցեղին դէմ: Մեր «ջան ֆետայիներ»-ը իրենց խիզախումներով այնպիսի սարսափ կ՛ազդեն թշնամի բանակին, որ քիւրտ կանայք կը սկսին ճիչեր արձակել ըսելով` «Եաման Աստուած ֆետան եկաւ ո՞ւր փախչենք», եւ ի պատասխան քրտուհիի այս ճիչին` դաշնակցական ֆետային կ՛ըսէ.

«Մի՛ վախենար, հանգիստ կեցիր
բաջի ջան,
Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ,
վրէժխնդիր քաջ ֆետան»:

Բարութեան ոգին տիրական գիծերէն մէկն էր դաշնակցականի գործունէութեան մէջ: Դաշնակցականը հայրենիքի ու ազգի ընդհանրական շահերուն ի նպաստ իր գործունէութեան ընթացքին միշտ եղած է բարի, անշահախնդիր: Բարութեան նկարագիրի լաւագոյն վկայութիւնը կը տեսնենք` «Քեռիի երգ»-ին մէջ, ուր կը նկարագրուի հայկական 4-րդ գունդի հրամանատար Քեռիի բարութիւնը. նկարագիր մը,¬ ոգի մը, որոնց պատճառով` «ամբողջ Կովկասը ցնցուեց» եւ անոր համար` «շատ մարդիկ լացին, ողբացին»:

Ոգիի փոխանցման մարզէն ներս` ոգին նկատի առնուած է, ընդհանրական իմաստով, ըլլայ ան` զոհողութեան, նուիրումի, յանուն հայրենիքի ազատութեան արիւն թափելու կամ այդ նուիրական առաքելութեան զօրավիգ կանգնելու: Այս իմաստով ալ ունինք երգեր, որոնց մէջ կը նկարագրուի, թէ ինչպէս` հայ կինը, իր ամուսինին թեւ ու թիկունք կը հանդիսանայ մասնակցելու համար հայրենիքի փրկութեան սրբազան պայքարին: Կարինի շարժման նուիրուած յեղափոխական երգին մէջ այսպէս կ՛արտացոլայ այդ ոգին.

«Հայ տիկինը ստիպում է
ամուսնուն գնալ,
Պատերազմի դաշտին վրայ վէրք
տալ, ստանալ»

Քաջութեան ոգին` պէտք է ըսել, որ հայ յեղափոխական երգերուն մէջ կը տողանցէ իբրեւ հիմնական նկարագիր մը: Արդէն յեղափոխական երգերը` իրենց որակումէն իսկ մեկնելով, բոլորն ալ կատարուած քաջագործութիւններու ծնունդ են: Այդ ոգիի ամենախօսուն ու վաւերական արտայայտութիւնները մենք կը նկատենք «Մենք անկեղծ զինուոր ենք», «Կռուեցէք տղերք»,  «Իբրեւ արծիւ», «Համազասպի երգը», «Հայրենեաց սիրոյ համար» եւ բազմաթիւ ուրիշ երգերու մէջ: Քաջութեան ոգին պայմանաւորուած չէ դաշնակցականին մօտ, այլ գիտակցական մահուամբ զոհուելու ճամբուն վրայ ցոյց տրուելիք խիզախում մըն է ատիկա: «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգին մէջ կը կարդանք`

«Գնում ենք բարով, կ՛ուշանանք
տարով,
Արիւն, սուր ու հուր,
պատերազմի դաշտ
Կը սպասեն մեզի»:

Կամ` Կռուեցէք տղերք» երգին մէջ.
«Ցանկալի է մեզ միշտ ազնիւ
մահը
Հեռու մեզանից ոսոխի ահը…»

Իսկ «Համազասպի երգ»-ին մէջ, մեր ժողովուրդը խօսքը ուղղելով իր հարազատ զաւկին՛ ՀՅ Դաշնակցութեան, վաւերական դարձնելով անոր արի արանց ունեցած քաջութեան ոգին` այսպէս կ՛արտայայտուի.

«Հայերիս տէր Դաշնակցութիւն,
Քաջեր ունիս սրտալի»:

Նուիրումի ու զոհողութեան ոգին կ՛արտացոլայ շատ մը յեղափոխական երգերու մէջ: Դաշնակցականի զոհողութեան ոգին խորհրդանշող ամենախօսուն երգերէն մէկն է` «Պետրոս Սէրէմճեանի յիշատակին» նուիրուած երգը, ուր կը կարդանք`

«Եարիս փոխան զէնքս եմ գրկել,
Մի տեղ հանգիստ քուն չունեմ»:
Կամ` ուրիշ տեղ մը`
«Կեանքի խաչը ես շալակած
Այնտեղ տարի շատ յօժար»:

Դաշնակցական մօր նուիրումի ու զոհողութեան ոգիի արտայայտութիւնն է «Ա՜խ, ֆետայիներ» երգը, որուն մէջ հայ մօր զոհողութիւնը համամարդկային չափանիշով ոգի մըն է, որուն վսեմութիւնը կարելի չէ մարդկայնօրէն ըմբռնել: Հայ մայրը կը խնդրէ, որ իր զաւակը տանին հայրենիքի ազատագրութեան համար մղուող օրհասական կռուի դաշտը:

Ահա թէ ի՛նչ կ՛ըսէ հայ մայրը.

«Ա՜խ, ֆետայիներ, ջան
ֆետայիներ,
Ձեզ հետ տարէք իմ տղէն,
Ձեզ հետ ապրի, ձեզ հետ մեռնի,
Ազգին մատաղ իմ տղէն»:

Ու այսպէս, հայ յեղափոխական երգերը, հարազատ արտայայտութիւնը ըլլալով հայ ժողովուրդի վերջին դարաշրջանին ապրած կեանքի, ազգային հայրենասիրական վսեմ գաղափարներու եւ այդ գաղափարներէն ծնունդ առած մեր հայրենիքի ազատութեան եւ անկախ պետականութեան, եղած են ու կը մնան` Դաշնակցութեան շարքերը խտացնող, մեր սերունդները խանդավառող, հայութեան ոգեղինացած գաղափարներու դրօշակակիրը դարձնող եւ դաշնակցականի նկարագիրը կերտող խարիսխը: Իւրաքանչիւր դաշնակցական, իր ազգային եւ կուսակցական նկարագրի հարազատ պատկերը պէտք է տեսնէ հայ յեղափոխական մեր երգերուն մէջ եւ միշտ ջանայ հետեւիլ նկարագրային այդ ուղեգծին՛ արժանի ըլլալու համար ՀՅ Դաշնակցութեան պատանի, երիտասարդ կամ երէց անդամի կոչումին:

Նախորդը

134-Ամեայ Դաշնակցութեան Մահուան Տեսիլքը Սպասողներուն Համար. Մահազանգ Հնչեցնողներուն Նպատակները Եւ Դաշնակցութեան Գոյատեւման Գաղտնիքները

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Շէյ 52 Կէտեր Նշանակեց, Սակայն Օքլահոմա Պարտուեցաւ Ուորիըրզէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.