Անգլիոյ ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն ակումբներէն Մանչեսթըր Եունայթըտ 2025-ի իր յաջող երթը կը շարունակէ: Ան իր վերջին մրցումին 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սաութհեմփթընը բարձրացաւ 12-րդ դիրք:
Կիսախաղին 1 կողով ետ մնալէ ետք, Փղոսկրեայ Ափունքի յառաջապահ Ամատ Տիալօ կրցաւ հեթ-թրիք իրագործել մրցումի վերջին 10 վայրկեաններուն` ուրախացնելով «կարմիր սատանաներ»-ու համակիրները:
Եունայթըտ Լիվըրփուլի (2-2) եւ Արսենալի (1-1, ապա յաղթական փենալթիներով) դէմ բաւական լաւ ելոյթներէն ետք իր 3-րդ մրցումին հաստատ յաղթանակ մը արձանագրեց իր փորթուգալցի մարզիչ Ռուպեն Ամորիմի հետ: Վստահաբար, մարզիչն ալ լաւ չճանչնալով մարզիկները, ժամանակ կ՛ուզէր գիտնալու, թէ ո՛վ աւելի յարմար է որ դիրքին կամ հիմնական կազմին մաս կազմելու, բան մը, որ մրցումէ մրցում կը յստականայ:
. ՍՊԱՆԻՈՅ բաժակի 1/8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, գծով, Ռէալ Մատրիտ 5-2 արդիւնքով դժուար յաղթանակ տարաւ Սելթա Վիկոյի դէմ:
Ճիշդ է, որ Ռէալ աւելի լաւ էր առաջին կիսախաղին եւ կոլ մըն ալ նշանակեց Էմպափէի շնորհիւ, սակայն Սելթա Վիկօ Բ. կիսախաղին աւելի լաւ էր եւ կանուխ կոլ մը ստանալով հանդերձ (Վինիւսիւս Ճունիոր) 83-րդ եւ 91-րդ վայրկեաններուն 2 կոլ նշանակեց, եւ դիմուեցաւ երկարաձգման:
Երկարաձգման ընթացքին Ռէալ շատ լաւ խաղալով առիթ չտուաւ Սելթային, որ յարձակում գործէ, եւ ինք նշանակեց 3 կոլեր` շնորհիւ Էմպափէն փոխարինած պրազիլցի Էնտրիքի (2) եւ Վալվերտէի, որ իր կարգին փոխարինած էր Լուքա Մոտրիչը:
Պէտք է նշել, որ Էմպափէ հաւասարեցաւ 2022-2023 տարեշրջանին արձանագրած մրցանիշին, զոր իրագործած էր Քարիմ Պենզեմա` նշանակելով կոլեր 6 տարբեր մրցաշարքերու ընթացքին: Էմպափէ յաջողեցաւ կոլեր նշանակել: «Լա լիկա»-ի, գերբաժակի, «Չեմփիընզ լիկ»-ի, միջցամաքամասային մրցաշարքի, ինչպէս նաեւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակի մրցումներուն եւ անշուշտ Սպանիոյ բաժակի մրցաշարքին:


