Սպանիոյ Պարսելոնան եւ Անգլիոյ Մանչեսթըր Եունայթըտը բանակցութիւններու մէջ կը գտնուին «Կարմիր սատանաներ»-ու 27 տարեկան Մարքուս Ռեշֆորտի եւ 27 տարեկան Ֆրենքի Տը Եոնկի փոխանակման շուրջ:
Եունայթըտի մարզիչ Ռուպեն Ամորիմ կը կարծէ, որ Տը Եոնկ կրնայ որակաւոր յաւելեալ ուժ դառնալ իր խումբի միջնապահ գիծին համար: Միեւնոյն ժամանակ Ամորիմ կը ցանկայ, որ Ռեշֆորտ հեռանայ Եունայթըտէն, որուն պատճառով ալ ան առաջարկուած է Պարսելոնային:
Նախապէս կը խօսուէր, թէ «Կարմիր սատանաներ»-ը պատրաստ են Ռեշֆորտը վաճառել ձմեռնային փոխանցումներու պատուհանի բացման ժամանակ:


