Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցուցարարները Թիֆլիսի Մէջ Խորհրդարանին Մօտ Պատնէշներ Տեղադրած Են Եւ Փշրած Պատուհանները

December 2, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ցուցարարները 30 նոյեմբերին փշրեցին Վրաստանի խորհրդարանի շէնքի պատուհաններուն ապակիները, եւ շէնքին մէջ նետուած հրավառ նիւթերու պատճառով հրդեհ բռնկեցաւ:

Ցուցարարները նաեւ շէնքին մօտ պատնէշներ բարձրացուցին:

«Նովոսթի-Կրուզիա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ մասնայատուկ ուժերու անդամները չեն յաջողած ամբողջութեամբ ցրուել Թիֆլիսի կեդրոնը հաւաքուած ցուցարարները: Բողոքի ցոյցը երէկ առաւօտէն շարունակուած է:

Գիշերը ոստիկանները ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ օգտագործած են ցուցարարներու դէմ, իսկ ցուցարարները պայթուցիկներ եւ հրավառ նիւթեր նետած են, պատնէշներ կառուցած, բարձրացած են խորհրդարանի շէնքին վրայ եւ կտրած լուսաւորութեան համակարգը:

Ոստիկանութեան գործողութիւններէն ետք ցուցարարները աստիճանաբար նահանջած են Ռուսթաւելի պողոտայէն դէպի Ճաւճաւածէի պողոտայ` Թիֆլիսի պետական համալսարանի առաջին մասնաշէնքին մօտ` ճիշդ այն վայրը, ուր վրանային քաղաքը ցրուած է քանի մը օր առաջ:

Ասիկա Վրաստանի վարչապետին տուած` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններու հարցը մինչեւ 2028 թուական օրակարգէն դուրս բերելու որոշումէն ի վեր բողոքի չորրորդ օրն է:

Վրաստանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարութիւն հրապարակելով յայտնեց, որ Թիֆլիսի մէջ խորհրդարանի շէնքին մօտ հակակառավարական ցոյցերը կը վկայեն, որ Վրաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ իշխանութիւնը բռնութեամբ խլելու փորձ:

Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը նաեւ նշեց, որ իշխանութեան բռնի խլումով շահագրգռուած են որոշ քաղաքական կուսակցութիւններ եւ անոնց ղեկավարները, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններ:

Գերատեսչութիւնը ցուցարարներուն կոչ ուղղեց` զգօն ըլլալու եւ սադրանքներու մասնակից չդառնալու:

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի, որ ցոյցերուն կը մասնակցի, յայտարարեց, որ իր նստաշրջանի աւարտէն ետք պաշտօնէն պիտի չհեռանայ, որովհետեւ խորհրդարանը «ոչ օրինական է»:

Անոր նստաշրջանը կ՛աւարտի 16 դեկտեմբերին:

Մինչ այդ, Վրաստանի դեսպանները, ի նշան բողոքի, սկսան հրաժարիլ իրենց պաշտօններէն:

Վրացական ընդդիմադիր «Ֆորմիւլա» պատկերասփիւռի կայանը, վկայակոչելով երկրի արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Վրաստանի դեսպան Դաւիթ Զալքալիանին հրաժարած է իր պաշտօնէն` իբրեւ բողոք վարչապետի որոշումին դէմ:

Պատկերասփիւռի կայանին տուեալներով` իր պաշտօնը կը լքէ նաեւ Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Թէյմուրազ Ճանճալիան:

Մէկ օր առաջ Նետերլանտներու մէջ Վրաստանի դեսպան Դաւիթ Սոլոմնիան եւս հրաժարած էր` ի նշան բողոքի Վրացական երազանքի կառավարութեան «հակաեւրոպական» քաղաքականութեան դէմ: Օրեր առաջ, նոյն պատճառաբանութեամբ պաշտօնէն հրաժարած էր նաեւ Պուլկարիոյ մէջ Վրաստանի դեսպանը:

Նախորդը

Սուրիոյ Մէջ Զարգացումներուն Նկատմամբ Միջազգային Արձագանգներ

Յաջորդը

Եւրոպական Միութեան Նոր Ղեկավարները Քիեւ Հասնելով Կը Յայտարարեն. «Եւրոպական Միութիւնը Կը Ցանկայ, Որ Ուքրանիան Յաղթէ, Եւ Ատոր Համար Կարելի Ամէն Բան Պիտի Ընէ»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.