Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Ազգերու Լիկա. Հայաստան – Ֆառօ Կղզիներ 0-1

November 16, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկայի 5-րդ շաբթուան մրցումներուն Հայաստանի ազգային խումբը Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ֆարօ կղզիները եւ ցաւալի պարտութիւն կրեց 1-0 արդիւնքով:

Սուրէն Չախալեանի գլխաւորած խումբը 32-րդ վայրկեանին փենալթի մը «նուիրեց» մրցակից խումբին, երբ Գէորգի Յարութիւնեան մրցակիցի մը ոտքը հարուածեց: Փենալթին կոլի վերածեց խմբապետ Տաւիտսըն:

Ասիկա մրցակից խումբի միակ առիթը եւ հարուածն էր Հայաստանի բերդին ուղղութեամբ, մինչ այլ առիթ մըն ալ ստեղծեց Բ. կիսախաղին: Իր կարգին, Հայաստան 25 կոլի առիթներ ստեղծեց եւ 9 անգամ ալ լրջօրէն վտանգեց մրցակիցին բերդը, սակայն բաւարար չէր այդ ճնշումը, որ Հայաստան կոլ նշանակէ իրմէ շատ աւելի ցած մակարդակ ունեցող մրցակիցին դէմ:

«Երկու կիսախաղերուն ալ խումբը կոլի առիթներ ստեղծեց, բայց այդ առիթները չկրցանք օգտագործել: Ֆութպոլին մէջ կրնաս ունենալ առաւելութիւնը, բայց պարտուիլ: Խաղաձեւը փոխուած էր, Վահանը (Պիչախչեան) իր նոր դիրքին վրայ ինքզինք աւելի հանգիստ կը զգայ քան ծայրը: Մեր պահանջածը` Միրանեանէն եւ Սեւիկեանէն, դժբախտաբար անոնք չկրցան կատարել, այդ պատճառով ալ ստիպուեցանք զանոնք փոխարինել Բ. կիսախաղին սկիզբը», ըսաւ Սուրէն Չախալեան մրցումէն ետք:

Փարիզի մէջ, Ֆրանսա հիւրընկալեց Իսրայէլը: Դաշտէն դուրս հազարաւոր պաղեստինցիներ եւ հակաիսրայէլ ցուցարարներ կային, որոնք պաղեստինեան եւ լիբանանեան դրօշներով կը գոռային, որ մրցումը տեղի չունենայ: Ֆրանսայի կառավարութիւնը 4 հազարէ աւելի ոստիկաններ նշանակած էր` ապահով պահելու դաշտը, ինչպէս նաեւ համակիրները դաշտէն ներս թէ դուրս: 81 հազարէ աւելի համակիր ընդունող «Սթատ տը Ֆրանս»-ը հազիւ լեցուցած էր 16 հազար 600 համակիր, որոնց 150-ը իսրայէլցի էին:

Մրցումի առաջին կիսախաղին թրիպիւններուն վրայ պզտիկ միջադէպ մը պատահեցաւ, բայց գրեթէ աննկատելի էր: Մրցումի պատկերը շատ աւելի «պաղ» էր: Ֆրանսա տիրապետեց գրեթէ ամբողջ մրցումին, սակայն չկրցաւ կոլ նշանակել: Պայերն Միւնիխի երրորդ բերդապահ Տանիէլ Փերեց եղաւ մրցումին լաւագոյն մարզիկը` զսպելով մօտ 8 վտանգաւոր առիթներ, մինչ Ֆրանսա այդքան ալ լաւ ելոյթ մը չունեցաւ:

Իտալիա 1-0 արդիւնքով կրցաւ յաղթական վերադառնալ Պրիւքսելէն` անակնկալի բերելով Պելճիքան: Թոնալի նշանակեց մրցումին միակ կոլը:

Յունաստան 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Անգլիոյ դէմ մրցումին, Աթէնքի մէջ: Ուաթքինզ, Վլաչոտիմոս (սխալմամբ իր բերդին մէջ) եւ Քըրթիս Ճոնզ նշանակեցին Անգլիոյ կոլերը:

Ստորեւ` հինգշաբթի օրուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ղազախստան – Աւստրիա 0-2
Յունաստան – Անգլիա 0-3
Այիր – Ֆինլանտա 1-0
Սլովենիա – Նորվեկիա 1-4
Հայաստան – Ֆարօ կղզիներ 0-1
Հիւսիսային Մակեդոնիա – Լաթվիա 1-0
Պելճիքա – Իտալիա 0-1
Ֆրանսա – Իսրայէլ 0-0

Այսօր տեղի կ՛ունենան հետեւեալ մրցումները.

Ժամը 16:00-ին Ազրպէյճան – Էսթոնիա
Ժամը 19:00-ին Վրաստան – Ուքրանիա
Մոնթենեկրօ – Իսլանտա
Թուրքիա – Կալես
Անտորրա – Մոլտովա

Ժամը 21:45-ին
Գերմանիա – Պոսնիա
Նետերլանտներ – Հունգարիա
Ալպանիա – Չեխիա
Շուէտ – Սլովաքիա

Վաղը` ժամը 16:00-ին
Լաթվիա – Հայաստան
Հիւսիսային Մակեդոնիա – Ֆարօ կղզիներ

Ժամը 19:00-ին
Աւստրիա – Սլովենիա
Անգլիա – Այիր
Ֆինլանտա – Յունաստան
Նորվեկիա – Ղազախստան

Ժամը 21:45-ին
Իսրայէլ – Պելճիքա
Իտալիա – Ֆրանսա

 

Նախորդը

Վալերի Ծառուկեան Կը Ցանկայ Խաղալ Ազգային Խումբին Հետ

Յաջորդը

Արժանթինցի Պաշտօնատարները Կ՛ընդհատեն ՔՈՓ29-ին Իրենց Մասնակցութիւնը

RelatedPosts

Նշմար.  Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը
Մարզական

Նշմար. Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը

October 2, 2026
Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 2, 2026
Ուասլ.  Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.