Ազրպէյճանի հիւրընկալած ՔՈՓ29-ի խորհրդաժողովը, որուն բազմաթիւ համաշխարհային ղեկավարներ չեն մասնակցիր, աւելի շատ պառակտումով կը նշանաւորուի, քան միասնութեամբ: Այս մասին կը գրէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` հաղորդելով խորհրդաժողովէն Արժանթինի պատուիրակութեան հեռանալուն մասին:
Գործակալութիւնը կը նշէ, որ արժանթինցի պաշտօնատարները Արժանթինի նախագահին յանձնարարութեամբ կ՛ընդհատեն խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը:
Ըստ հաղորդումներու, նախագահ Խաւիէր Միլէին, որ նախապէս համաշխարհային ջերմացումը կեղծիք կոչած էր, այս շաբաթ պէտք է հանդիպում ունենայ Տանըլտ Թրամփի հետ, որ նոյնպէս կասկածի տակ կը դնէ կենսոլորտի փոփոխութիւններու մասին պնդումները:


