Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պաքուէն վերադառնալու ընթացքին օդանաւին մէջ պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «էրմենիհապեր»-ը:
Անդրադառնալով թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու հարցին` Էրտողան նշած է. «Ես տակաւին յոյս ունիմ` Ասատի հետ կապուած: Յոյս ունիմ, որ երբ հանդիպինք, Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւնները հունի մէջ պիտի դնենք: Որովհետեւ մենք պէտք է ոչնչացնենք ահաբեկչական կառոյցները Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ»:
Ըստ Էրտողանի, Սուրիոյ մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար հիմք կայ եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը յստակ են:
«Մենք կարգաւորման հարցին մէջ սուրիական կողմին ձեռք երկարած ենք: Կը կարծենք, որ այս կարգաւորումը սուրիական հողերուն վրայ հանգստութեան ու խաղաղութեան դուռ պիտի բանայ: Մենք չենք սպառնար Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան», աւելցուցած է Թուրքիոյ նախագահը:


