Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր յայտարարած է, որ իր երկրի ՊՐԻՔՍ-ին հաւանական անդամակցութիւնը բացասական ազդեցութիւն պիտի չունենայ ՕԹԱՆ-ի վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք արդէն 70 տարիէ ի վեր ՕԹԱՆ-ի անդամ ենք եւ դաշինքին տպաւորիչ աջակցութիւն կը ցուցաբերենք:
«ՕԹԱՆ-ը պաշտպանական կառոյց է, ՊՐԻՔՍ-ը` տնտեսական: Եթէ կարելի ըլլայ միանալ ՊՐԻՔՍ-ին, մենք կրնանք կարեւոր արդիւնքներու հասնիլ մեր տնտեսական զարգացման տեսանկիւնէն: Չեմ կարծեր, որ ատիկա ՕԹԱՆ-ի վրայ բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ», ըսած է Կիւլեր:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ իր երկիրը մտադիր է աշխուժօրէն զարգացնել ՊՐԻՔՍ-ի հետ կապերը, ներառեալ ընկերակցութեան լիիրաւ անդամ դառնալու հեռանկարով:


