Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի դիմադետրեան իր էջին վրայ կիսուած է վրացական զբօսաշրջական կազմակերպութեան մը գովազդը:
Կազմակերպութիւնը, որ դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան Լոռիի մարզ շրջապտոյտներ կը կազմակերպէ, յայտարարութեան մէջ գրած է. «Մէկ այլ տխուր, սակայն պարտադիր շրջագայութիւն… Պատմական Վրաստան: Իւրայատուկ մշակոյթ, որ ցաւօք մնաց Լոռիի մէջ: Յիշենք եւ փառաբանենք յաւերժական, առեղծուածային եւ մեծ Վրաստանը»:
Հրապարակման մէջ ներկայացուած են Ախթալայի, Հաղպատի, Սանահինի եւ Օձունի վանքերը:


