Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտելաթի Արաղչիի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Վրայ Յարձակումի Դադրեցման Ջանքերը

November 5, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամիմ Խալաֆ յայտարարեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի, Միջին Արեւելքի մէջ մագլցումը մեղմացնելու եգիպտական ջանքերու ծիրին մէջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ:

Անոնք քննարկած են Լիբանանի եւ Կազայի մէջ արձանագրուող զարգացումներն ու շրջանային տագնապալից կացութիւնը:

«Շրջանին մէջ բոլոր կողմերը պէտք է որդեգրեն քայլեր, որոնք կը նպաստեն շրջանային մագլցումի արգիլման եւ հանդարտեցում կը յառաջացնեն», ըսած է Ապտելաթի` շեշտելով. «Պէտք է զգուշ ըլլալ շրջանը ներքաշելէ շրջանային պատերազմի մը մէջ, որ կողմերէն որեւէ մէկուն շահերը պիտի չիրագործէ եւ շրջանի ժողովուրդներուն համար վտանգաւոր հետեւանքներու կը յանգեցնէ»:

Ան վերահաստատեց, որ Եգիպտոս կը դատապարտէ «միակողմանի եւ սադրիչ քայլերը, որոնք շրջանին անվտանգութեան ու կայունութեան կը սպառնան, եւ այնտեղ կացութեան հրահրման կ՛առաջնորդեն, ինչ որ շրջանին ու անոր ժողովուրդներուն կայունութեան ծանր հետեւանքներով կը սպառնայ»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ յայտնեց. «Երկու կողմերը քննարկեցին լիբանանեան թատերաբեմի վրայ արձանագրուող զարգացումները եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելու համար թափուող ջանքերը: Ապտելաթի յայտնեց Եգիպտոսի այն դիրքորոշումը, թէ պէտք է լիբանանեան պետական հաստատութիւնները կարող դարձնել եւ ընտրել երկրի նախագահ մը` առանց արտաքին միջամտութիւններու»:

Երկու նախարարները նաեւ քննարկած են  Քաթարի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համակարգուած ձեւով Եգիպտոսի թափած ջանքերը` Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու, մարդասիրական օժանդակութիւնները առանց նախապայմանի եւ ամբողջական կերպով հասանելի դարձնելու եւ պատանդներն ու գերիները ազատ արձակելու համար:

 

 

Նախորդը

Խօսքը Ուղղելով Ռայի Պատրիարքին` «Քրիստոսի Սիրտը Չի Փակուիր Հայրենիքին Համար Արիւն Թափողին Դիմաց» Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան

Յաջորդը

Հարիս. «Կը Շարունակենք Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Միջեւ Դիւանագիտական Լուծումի Հասնելու Աշխատանքը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.