Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մխիթարեանի 100-րդ Կոլը Բաւարար Չէր, Որ Ինթեր Յաղթէ Եուվէին (4-4)

October 29, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի անցեալ տարուան ախոյեան Ինթեր Միլան կիրակի գիշեր ծայր աստիճան հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Եուվենթուսի հետ:

«Իտալիոյ տերպի» կոչուած մրցումին, Ինթեր Միլան լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը` նշանակելով առաջին կոլը լեհ միջնապահ Փիոթր Զիլինսքիի շնորհիւ (փենալթիով): Եուվէ անմիջապէս փոխադարձեց 2 արագ կոլերով` շնորհիւ Տուշան Վլանովիչի եւ Թիմոթի Ուէայի:

Հայազգի Հենրիխ Մխիթարեան լաւագոյն 5 լիկաներու գծով իր 100-րդ կոլը նշանակեց ռմբային հարուածով մը 35-րդ վայրկեանին, որմէ 2 վայրկեան ետք Զիլինսքի այլ փենալթիով մը 3-2-ի կոլը:

Բ. կիսախաղին, Ինթեր աւելի վտանգաւոր էր եւ կրցաւ 4-րդ կոլ մըն ալ նշանակել` շնորհիւ Տենզել Տումֆրիզի:

Սակայն երբ առիթները կոլի չես վերածեր, բնական է, որ մրցակիցը օգտուի, ինչպէս էր պարագան Եուվէի: Քենաան Ելտըզ 62-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ եւ նշանակեց անակնկալ 2 կոլ (71-րդ եւ 82-րդ վայրկեաններուն)` ձեռք ձգելով «սուղ» կէտեր` Ինթերի դաշտէն:

Եուվէի այժմ միակ ակումբն է Իտալիոյ մէջ, որ որեւէ պարտութիւն չէ կրած 9 հանգրուաններէ ետք: Այս արդիւնքէն օգտուեցաւ Նափոլի, որ 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Լեչէի` 4 կէտով հեռանալով Ինթերէն:

Անգլիոյ մէջ, Արսենալ, Լոնտոնի մէջ 2-1 արդիւնքով կը յաղթէր Լիվըրփուլին, մինչեւ կիսախաղ: Բ. կիսախաղին, կեդրոնի պաշտպան Կապրիէլ վիրաւորուեցաւ եւ Արսենալ, որ արդէն կը խաղար առանց Կապրիէլի զոյգին` Սալիպայի (կախակայուած), բաւական դժուարութիւն ունեցաւ Լիվըրփուլի ճնշումին տակ, մինչեւ 81-րդ վայրկեան, երբ Մոհամետ Սալահ նշանակեց 2-2-ի կոլը:

Այս արդիւնքէն լաւապէս օգտուեցաւ Մանչեսթըր Սիթի, որ օր մը առաջ 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Սաութհեմփթընի եւ 1 կէտի առաւելութեամբ գերազանցեց Լիվըրփուլը` գրաւելով «Փրեմիեր լիկ»-ի առաջին դիրքը:

Գերմանիոյ մէջ Պայերն Միւնիխ քանի մը օր առաջ ծանր պարտութիւն մը կրելէ ետք Պարսելոնայի դէմ («Չեմփիընզ լիկ»-ին) ինքզինք վերագտաւ եւ 5-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պոխումի դաշտէն:

Մայքըլ Օլիզէ, Ժամալ, Մուսիալա, Հերի Քէյն, Լիրոյ Սանէ եւ Քինկսլի Քոման նշանակեցին Պայերնի կոլերը, որոնց շնորհիւ անոնք վերադարձան պարագլուխի դիրքը կոլ-էվըրէյճով Ռետ Պուլ Լայփցիկի վրայ:

Ֆրանսայի 9-րդ հանգրուանի ամէնէն «տաք» մրցումին, Մարսէյ իր հռչակաւոր «Վելոտրոմ» դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Փարիզ Սեն Ժերմենէն:

Ժոաօ Նեւեշ 7-րդ վայրկեանին նշանակեց առաջին կոլը, մինչ Մարսէյի մարոքցի միջնապահ Ամին Հարիթի կոշտ թաքըլը քիչ մը շատ խիստ ձեւով պատժուեցաւ օրուան իրաւարարին կողմէ, որ զինք վտարեց դաշտէն:

Փարիզեան ակումբը 10 մարզիկներու դէմ աւելի դիւրին մրցեցաւ եւ երկու կոլեր ալ աւելցուց մինչեւ կիսախաղ 3 կէտեր ձեռք ձգելով, որոնց շնորհիւ ան հեռացաւ Մոնաքոյէն, որ իր կարգին 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նիսի դաշտին վրայ:

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Կարէն Ասլանեան Հասաւ Կիսաւարտական

Յաջորդը

Արաղչի. «Իրան Նախապէս Տեղեակ Էր Իսրայէլի Յարձակումէն»

RelatedPosts

Նշմար.  Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը
Մարզական

Նշմար. Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը

October 2, 2026
Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 2, 2026
Ուասլ.  Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.