Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ շարունակուեցաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդներու (մինչեւ 23 տարեկան) ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Ասլանեան կրցաւ հասնիլ կիսաւարտական, 63 քկ կշիռի մրցումներուն:
Կարէն Ասլանեան նախ 5-2 արդիւնքով յաղթած էր վրացի իր մրցակիցին, ապա քառորդ աւարտականին 6-3 արդիւնքով յաղթած Մոլտովայի իր մրցակիցին եւ հասած կիսաւարտական:
Մրցումներու առաջին օրը, 55 քկ կշիռի մրցումներուն, Մանուէլ Խաչատրեան 7-4 արդիւնքով դուրս ձգած էր իր թուրք մրցակիցը, ապա քառորդ աւարտականին 1-1 արդիւնքով հաւասար կը պայքարէր իրանցի մրցակիցին հետ, որ չնչին առաւելութեամբ հասաւ կիսաւարտական:
72 քկ կշիռի մրցումներուն, Հայկ Մելիքեան յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք պարտութիւն մը կրած էր ֆրանսացի մրցակիցէն: 82 քկ կշիռի մրցումներուն, Կարէն Խաչատրեան իր առաջին մրցումէն պարտութիւն մը կրեց եւ դուրս մնաց:
Ազատ ըմբշամարտի ներկայացուցիչները աւելի ուշ կը սկսին իրենց ելոյթները: 61 քկ կշիռի ներկայացուցիչն է Մեժլում Մեժլումեան, 70 քկ կշիռի ներկայացուցիչն է Արման Անդրէասեան, 79 քկ կշիռի ներկայացուցիչն է Արման Աւագեան, իսկ 92 քկ կշիռի ներկայացուցիչն է Իկոր Սարգսեան: