Իսրայէլեան օդուժը յարձակած է Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքի ծայրամասերուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին:
Լաթաքիոյ մուտքին մօտ իսրայէլեան յարձակումը յանգեցուցած է հրդեհներու:
Պատկերասփիւռի շարք մը կայաններ, ներառեալ «Հատաս»-ը, կը պնդեն, որ իսրայէլեան բանակի հարուածը հասցուած է զինամթերքի պահեստներու, այդ պատճառով ալ յառաջացած է հրդեհը:
Յիշեցնենք, որ իսրայէլեան օդուժը 8 հոկտեմբերին յարձակում գործած էր մայրաքաղաք Դամասկոսի կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող բազմայարկ շէնքի մը վրայ:


