Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Իսրայէլացիին Լիբանանի Մէջ Սկսած Պատերազմը Կրնայ Մէկ Կամ Երկու Տարի Տեւել»

October 4, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ «Մտոն»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Շրջանին մէջ կացութիւնը շատ վտանգաւոր է, եւ Լիբանանի մէջ իսրայէլացիին սկսած այս պատերազմը կրնայ մէկ կամ երկու տարի շարունակուիլ»:

«Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմը, որ ամերիկեան ու միջազգային ծածկոյթ ունի եւ մէկ տարիէ ի վեր կը շարունակուի, եւ Կազան քանդուեցաւ, անոր մէջի կեանքի բոլոր տուեալներուն վերջ տրուեցաւ, եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կռիւը շարունակելու վրայ կը պնդէ: Ոեւէ մէկը կրնա՞յ նախատեսել, որ իսրայէլացին Լիբանանի մէջ նոյն ընթացքը պիտի չորդեգրէ: Նեթանիահուն նոյն նպատակը ունի, եւ ան միջազգային աջակցութիւն կը ստանայ մասնաւորաբար ամերիկացիներէն: Պէտք է վերջ տալ այս խաղին եւ դուրս գայ սուտի, հանդարտեցման կամ մերթ ընդ մերթ պատուիրակներ ուղարկելու այս ոլորապտոյտէն, առանց որեւէ լուրջ տուեալի կամ զինադադարի հաստատման համար իրողական ճնշումի: Այն, ինչ որ իսրայէլացիները այսօր Լիբանանի մէջ կ՛ընեն, Կազայի մէջ անոնց ըրածին կը նմանի»:

Անդրադառնալով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ իր կատարած քայլին` ան նշեց. «Մենք քաղաքական այս քայլը կատարեցինք, որովհետեւ նկատի կ՛ունենանք կացութեան վտանգաւորութիւնը, եւ բոլորին կոչ կ՛ուղղենք` մէկ խօսքի շուրջ համախմբուելու եւ աշխատելու զինադադար պահանջելու համար, եւ ձեւաւորելու քաղաքական փոխզիջում մը, որ երկիրը կը պաշտպանէ»:

«Այն, ինչ որ կ՛ընենք, կը տապալէ բոլոր այն նախապայմանները, որոնք նախապէս երկխօսութեան համար կը պարտադրուէին: Ես Միքաթիի եւ Պըրրիի անունով կը խօսիմ քով-քովի գալու եւ համաձայնական նախագահ ընտրելու համար խորհրդակցելու կարեւորութեան շուրջ, եւ կազմելու ամբողջական իշխանութիւն` աշխատելու համար վտանգներու դիմակայման վրայ: Այս պատերազմը երկար պիտի տեւէ, եւ պէտք է տագնապի կառավարման համար իրողական իշխանութիւն ըլլայ», ըսաւ Ժոմպլաթ:

«Ջանք կը թափենք, սակայն կը շարունակենք մնացեալ խումբերուն եւ տարբեր խմբաւորումներուն սպասել, մասնաւորաբար ընդդիմութեան, որովհետեւ պահը հայրենասիրական կեցուածք եւ բոլորին հետ հաղորդակցութիւն կը պահանջէ` մեկնելով ցաւակցութեան պարտաւորութենէն, որ կրնայ քննարկումն ու խորհրդակցութիւնը վերակենդանացնել: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը եւ միւսները պէտք է կէս ճամբուն վրայ մեզի հանդիպին», ըսաւ Ժոմպլաթ:

Անդրադառնալով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումին ու բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայելու հարցին` Ժոմպլաթ շեշտեց. «Բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ բնական պահանջ է, եւ զայն պէտք է իրագործել, եւ մենք կը պահանջենք լիբանանեան բանակը զօրացնել, ամրապնդել անոր կարողութիւնները եւ հարաւային Լիբանանի մէջ անոր ներկայութիւնը: Սակայն ի՞նչն է, որ բանակի ուժի ամրապնդումը կ՛արգիլէ: Հարաւային Լիբանանի մէջ բանակայիններու տեղակայումը կը կարօտի տուեալներու, որոնք ապահովուած չեն, եւ ատիկա կ՛առնչուի միջազգային աջակցութեան, պատասխանատուութիւնը մասնաւորաբար ամերիկացիներուն ուսերուն վրայ է, եւ ատոր փոխարէն Լիբանանը կը խեղդուի սպաներու եւ զինուորներու ելեւմտական աջակցութեան ապահովման պարզ աշխատանքին մէջ, ինչ որ բարեկամ եւ Քաթարի նման եղբայրական պետութիւններ կը տրամադրեն»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հըզպալլան որքանո՞վ պիտի ընդունի այս եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրման առաջարկները` Ժոմպլաթ նշեց. «Նեթանիահուն առիթ չձգեց քաղաքական ու դիւանագիտական քննարկումի, եւ Իսրայէլ կուսակցութեան գլուխը կ՛ուզէ, ինչպէս նախապէս Համասի գլուխը ուզեց: Ուստի, հիմա իր վրայ շղթայազերծուող մեծ պատերազմի լոյսին տակ կուսակցութեան հետ 1701-ի շուրջ կարելի չէ բանակցիլ: Ուստի զինադադար կը պահանջենք, եւ կրակոցի դադրեցումէն ետք, կուսակցութիւնը յանձնառու կը դառնայ որոշումի գործադրման, ինչպէս Պըրրին որոշ ժամանակ առաջ կուսակցութեան եւ ամերիկացիներուն հետ համաձայնած էր: Սակայն Իսրայէլ տապալեց բոլոր համաձայնութիւններն ու փորձերը, եւ մեծ հարուածներու գործադրման եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկման վրայ պնդեց»:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդը Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Կոչ Կ՛ուղղէ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.