– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «Ֆորէյն Ըֆերզ» պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրեց. «Պայտընի վարչակազմը Միջին Արեւելքի մէջ եւ անկէ դուրս գործընկերներու հետ կ՛աշխատի վերջ տալու համար Կազայի մէջ տագնապին եւ տառապանքին, ինչպէս նաեւ աշխատանք կը տանի գտնելու դիւանագիտական լուծում մը, որ Իսրայէլն ու Լիբանանը կարող կը դարձնէ ապահով ապրելու»:
– ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս նշեց. «Մեր շրջանը իսրայէլեան բռնագրաւման պետութեան յարձակումի եւ բռնարարքի գործելաոճ որդեգրել շարունակելուն պատճառով մեծ վտանգներ կը դիմագրաւէ»:
«Միջազգային ընտանիքը պէտք է անմիջապէս միջամտէ եւ դադրեցնէ Պաղեստինի ու Լիբանանի վրայ բարբարոսական յարձակումը», ըսաւ Ապպաս:
– ՔԱԹԱՐԻ իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի յայտնեց. «Իսրայէլ միջազգային անկարողութիւնը կը շահագործէ ընդլայնելու համար Այսրյորդանանի մէջ բնակեցման վայրերը, եւ յարմար առիթ կը տեսնէ Լիբանանի մէջ իր ծրագիրները գործադրելու»:
Քաթարի իշխանը կոչ ուղղեց` լուրջ աշխատանք տանելու Լիբանանի վրայ յարձակումը դադրեցնելու` աւելցնելով. «Կը վերահաստատենք մեր մերժումը եղբայրական Լիբանանի Հանրապետութեան դէմ իսրայէլեան յարձակումներուն ու զինուորական գործողութիւններուն»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, թէ աւելի քան 200 հազար սուրիացի գաղթականներ, իսրայէլեան յարձակումին ընդլայնուելէն ի վեր օրինական եւ ապօրինի անցակէտերու ճամբով Լիբանանէն դուրս եկած են, ինչ որ սուրիացիներուն ներկայ պայմաններուն մէջ Լիբանանէն հեռանալու փափաքին ցուցանիշն է:


