Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծ Բժշկապետ, Հայ Մշակոյթի Հաւատաւոր Ծառան Եւ Ազգային Գործիչ Վազգէն Տէր Գալուստեանի Յուշերով

October 1, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ 

Բժիշկներ Վազգէն Տէր Գալուստեան եւ Կարպիս Հարպոյեան
իրենց մտերմիկ առանձնութեան մէջ, 2011

2024-ի օգոստոսին հրատարակուեցաւ « Բժիշկին Է. խօսքը» գիրքս եւ անոր լոյս աշխարհ գալը հայ մամուլին մէջ յիշատակուեցաւ նոյն ամսուն մէջ:

«Բժիշկին Է. խօսքը» հատորը կազմուած է եօթը գլուխներէ: Վեցերորդ գլուխին մէջ գրուած է հին դարերէն մինչեւ մեր օրերը 43 երախտաւոր հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու, դեղագործներու եւ  գիտնականներու հետաքրքրական կենսագրութիւնները: Այս երախտաւորներու հետաքրքրական կենսագրութիւններուն մէջ տեղ գտած էր նաեւ բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանի մասին գրութիւնս: Գրած էի իր մասին 10 նոյեմբեր 2023-ին, երբ արդէն ան կը ծառայէր անկողնի եւ կը տառապէր տարեցութեան ախտանշաններէն ու վատթարացած առողջութենէն:

Դժբախտաբար բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան բախտը չունեցաւ տեսնելու «Բժիշկին Է. խօսքը» գիրքը եւ կարդալու վկայութիւններս իր մասին, որ տեղադրուած էր այս հատորին մէջ:

Յետմահու «Բժիշկին Է. խօսքը» համեստ աշխատասիրութենէս օրինակ մը մակագրուած կը նուիրեմ բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանի կողակիցին` ազնուափայլ տիկին Լենա Սէթեան-Տէր Գալուստեանին:

  1. Բժիշկներ Վազգէն Տէր Գալուստեան եւ Կարպիս Հարպոյեան հերթաբար կը վարեն Ազգային Ընդհանուր ժողովը, 2016
    2. Բժիշկներ Վազգէն Տէր Գալուստեան եւ Կարպիս Հարպոյեան 2008-ին միասնաբար կ՛արժանանան Համազգայինի
    Կեդրոնական վարչութեան շքանշանին` ձեռամբ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի:

Վազգէն Տէր Գալուստեանը եղաւ իմ կեանքի երկարամեայ գործակիցը, անկեղծ բարեկամը եւ սիրելի ընկերը ու մանաւանդ` խորհրդատու հայ ՄԵԾ ՄԱՐԴԸ: Ան եղաւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն պաշտպանը եւ Հայ դատի գաղափարախօսութեան զինուորագրեալ մէկ համեստ անհատը:

Սիրելի բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան, կեանքիս մնացեալ տարիները պիտի ապրիմ քու յիշատակներով, շարունակ պիտի յիշեմ` քու օրինակելի ազնուութիւնը, հայ ազգի եւ Հայ դատի անխոնջ ծառայութիւնները, կազմակերպուած աշխատելաձեւը, աշխատանքի կարգապահութիւնը, ՄՏԿ կաթողիկոսութեան անսասանութեան պահապանը:

Սիրելի՛ Վազգէն, երէկ Դիմատետրի էջիս մէջ քեզի նուիրեցի Յասմիկ Պաղտասարեան-Տուլուխանեանի «Տարօնի օրօրը» եւ իր շատ սիրելի մեծ երաժիշտին` Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօրը», որպէսզի այս հայաշունչ օրօրներով հանգչէիր խաղաղութեան մէջ: Նուիրեցի նաեւ Արամ Խաչատուրեանի «Գայեանէ» պալէէն «Ուզունտարա» պարային երաժշտութիւնը, որպէսզի  քու յաւիտենական հանգստավայրիդ մէջ հոգիդ  հրճուէր առյաւէտ հայկական մաքրամաքուր պարային երաժշտութեամբ:

Սիրելի՛ Վազգէն, վստահ եմ, որ դուն ալ այսուհետեւ քու յաւիտենական հանգստավայրէդ պիտի դիտես մեզ եւ հետեւիս մեր քայլերուն, մատնանշես մեր սխալները եւ ուղղես մեզ այնպէս, ինչպէս կ՛ուղղէիր քու կենդանութեանդ:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

Մոնրէալ, 11 սեպտեմբեր 2024

Նախորդը

Ի Յուշ Վազգէնը` Մեծ Եղբայրս

Յաջորդը

Վազգէն Տէր Գալուստեանի Յիշատակին Համազգայինի Դամբանական

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.