ԱՐԵՒԻԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ
Կ՛ապրինք օրեր, որոնց մասին եթէ 20 տարիներ առաջ մէկը պատմէր, կամ նման գուշակութիւն կատարէր, ոչ մէկ ձեւով պիտի հաւատայինք իրենց անհաւատալի, անընդունելի ըլլալուն պատճառով: Մէկ տարի է Արցախի ժողովուրդը տեղահան եղած է, ձգած է իր բնակարանը, արտը, ագարակը, անասունները, քաշած` տան դուռը, եւ ինչ որ կրնայ ֆիզիքապես կրել հետը, տարած է: 100 եւ աւելի տարիներ առաջ` նոյն պատկերը, նոյն թշնամիին կողմէ: Տարիները, արհեստավարժութիւնը ոչ մէկ բան փոխեցին դառն իրականութենէն:
Պարտութենէ պարտութիւն, յուսալքումէ յուսալքում կը քալենք հաստատ քայլերով: Ազրպէյճանի նախագահը օրեր առաջ Ստեփանակերտ այցելեց: Հայաստանի վարչապետը 21 սեպտեմբերին իր նշանաւոր քմծիծաղով շնորհաւորեց Հայաստանի վերանկախութիւնը: Իբրեւ երիտասարդ` կը շուարիմ` բարկանա՞մ կամ անտարբեր ըլլամ, տեսնե՞մ, ապարդիւն ջղայնանա՞մ, թէ՞ մտային առողջութիւնս խնայելով «վաղը աւելի լաւ պիտի ըլլայ» ըսելով` ինքնախաբէութեան դիմեմ: Բայց այս վայրկեաններուս մտքիս մէջ կը ծագի շատ խելացի խօսք մը, որ նոյն ատեն գիտականօրէն ալ ճիշդ է. «Մարմնիդ այն մասը, որ նեղութիւն կը պատճառէ քեզի, պիտի կտրես եւ նետես քեզմէ»: Հետեւաբար կը մերժեմ անտարբերութիւնը եւ յուսալքումը` պահպանելով հայու նկարագիրին յատկութիւններէն եղող պայքարունակ ոգին:


