Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Միջեւ Ամբողջական Պատերազմի Ծագումը Օրերու Հարց Է» Կ՛ըսէ Քնեսեթի Փոխնախագահը

September 10, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի խորհրդարանի` Քնեսեթի փոխնախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու ու պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի անդամ Նիսիմ Վաթուրի Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ամբողջական պատերազմի ծագումը օրերու հարց է»:

«Երբ ատիկա տեղի ունենայ, Հարաւային արուարձանները Կազային պիտի նմանին», աւելցուց Վաթուրի:

«Այլ ուղի չկայ», ըսաւ ան` նշելով, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նոյն կարծիքին է: «Ասիկա բան մըն է, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի զարգանայ», շեշտեց Քնեսեթի փոխնախագահը:

Վաթուրի յայտնեց, որ Նեթանիահու կիրակի օր զինուորական պատասխանատուներուն յայտնած է. «Պէտք է վերջ տանք այս պատմութեան»:

Իսրայէլեան խորհրդարանի փոխնախագահը ներկայացուցած է պատերազմի իսրայէլեան ծրագիրը, որ պիտի սկսի կանխարգելիչ մեծ հարուածով մը, որ «շատ նման է վերջերս Իսրայէլի կեդրոնին վրայ ծրագրուած Հըզպալլայի հրթիռային մեծ յարձակումին, սակայն այս հարուածը առնուազն 4-5 օր պիտի տեւէ, որուն պիտի յաջորդէ ցամաքային ներխուժում»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակէն պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնեց, որ քաղաքական մակարդակի վրայ կանաչ լոյսը տրուելուն պէս, իսրայէլեան բանակը Լիբանանի մէջ գործողութեան գործադրման համար քանի մը վայրկեանի պէտք պիտի ունենայ:

«Հիւսիսի մէջ իսրայէլեան բանակի հրամանատարութիւնը Լիբանանի մէջ գործելու համար քաղաքական մակարդակի կանաչ լոյսին կը սպասէ», նշեց օրաթերթը` նշելով. «Իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ արդիականացնել յարձակումի ծրագիրները»:

«Մաարիւ» յայտնեց. «Բանակը շարք մը քայլեր կատարեց, ինչ որ կը նշանակէ, որ երբ շարժելու հրամանը տրուի, ապա սաստիկ գործողութիւններու անցնելու ժամանակը շատ կարճ պիտի ըլլայ»:

 

Նախորդը

Կանց. «Ժամանակն Է, Որ Իսրայէլ Երկրի Հիւսիսին Մէջ Տիրող Կացութեամբ Զբաղի»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութեան «Նոսթրատամուս»-ը Կանխատեսած Է, Թէ Նոյեմբերին Ո՛վ Պիտի Յաղթէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.