Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքային Պաշտպանութեան Հրշէջ Մեքենային Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում Մը 3 Զոհ Պատճառեց

September 9, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերու երեք անդամներ զոհուեցան եւ ուրիշ մը վիրաւորուեցաւ, երբ իրենց հրշէջ մեքենան իսրայէլեան օդային յարձակումի ենթարկուեցաւ:

Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ իր հրշէջ մեքենան շաբաթ երեկոյեան ժամը 6:15-ին Նապաթիէի Ֆարուն գիւղին մէջ իր առաքելութիւնը աւարտելէ ետք իսրայէլեան օդային յարձակումի ենթարկուած է: Նահատակուած են Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերու անդամներ Քասեմ Պազզին, Մոհամետ Հաշեմն ու Ապպաս Համմուտը: Անոնց գործընկերը` Մոհամետ Ամաշէ վիրաւորուած է:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց յարձակումը Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերու անդամներուն վրայ, որոնք գիւղին մէջ իսրայէլեան յարձակումէն յառաջացած հրդեհները կը մարէին:

«Լիբանանի վրայ այս նոր յարձակումը բացայայտ ոտնահարում է միջազգային օրէնքներու եւ բացայայտ յարձակում մարդասիրական արժէքներու վրայ, ինչ որ իսրայէլացի թշնամիին համար արտառոց բան մը չէ, եւ մենք ականատեսը կը դառնանք լիբանանեան շրջաններուն վրայ, նաեւ պաղեստինեան հողերուն վրայ անոր իրերայաջորդ ոճիրներուն»:

«Մեկնելով այն սկզբունքէն, որ իսրայէլացի թշնամին միջազգային օրէնքներն ու անգիր օրէնքները կ՛անտեսէ, արեւմտեան երկիրներու դեսպաններն ու միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները երկուշաբթի օր վարչապետարանին մէջ հրաւիրեցի արտակարգ ժողովի մը` զանոնք Լիբանանի դէմ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելու պարտաւորութեանց առջեւ դնելու եւ անոնցմէ պահանջելու, որ ճնշում բանեցնեն իսրայէլեան կողմին վրայ, որ կ՛անտեսէ բոլոր օրէնքները եւ կը շարունակէ ոճիրներ գործել Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ, մանաւանդ անոնց դէմ, որոնք կ՛աշխատին իր ատելութեան բոցերը մարելու», նշեց Միքաթի:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով բուռն կերպով դատապարտեց Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերու հրշէջ մեքենային վրայ անօդաչու թռչող սարքով յարձակումը, երբ հրշէջները գիւղին մէջ օդային յարձակումներու պատճառով յառաջացած հրդեհներուն բոցերը կը մարէին:

«Այս ոճիրները, որոնք միջազգային օրէնքին եւ մարդկային խղճին կողմէ մերժուած են, դատապարտելի եւ խիստ կերպով մերժելի են», ըսաւ Մաուլաուի` աւելցնելով. «Պարտականութեան նահատակները հերոսներ են, որոնք հարաւի հողը իրենց արիւնով ոռոգեցին»:

 

Նախորդը

Պու Հապիպ. «Իսրայէլ Միջնորդներու Ճամբով Մեզի Ուղղեց Պատգամ Մը, Թէ Լիբանանի Մէջ Զինադադարով Հետաքրքրուած Չէ»

Յաջորդը

Նեթանիահու. «Իսրայէլեան Բանակին Եւ Բոլոր Զինեալ Ուժերուն Ցուցմունք Տուի Հիւսիսի Մէջ Կացութիւնը Փոխելու Պատրաստուելու»

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.