Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթոնով. «Առանց Ուաշինկթընի Համաձայնութեան Քիեւը Չէր Համարձակեր Նոյնիսկ Մատը Շարժել»

August 24, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիան ոչինչ կ՛ընէ առանց իր տէրերուն` Միացեալ Նահանգներու արտօնութեան: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Քուրսք մարզին վրայ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու յարձակումին անդրադառնալով յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով:

«Առանց Ուաշինկթընի համաձայնութեան անոնք պարզապէս չէին համարձակեր մատերնին շարժել, գնդացիր կամ հրացան ուղղել մեր ուղղութեամբ: Կամ, յամենայն դէպս, անոնք վստահ են, որ իրենց որեւէ գործողութիւն պիտի ստանայ արեւմտեան երկիրներու աջակցութիւնը», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Անթոնով` շեշտելով, որ ամերիկացիները ամէն ինչ իմացած են, գիտեն, եւ ոչինչ կը կատարուի առանց զանոնք տեղեակ պահելու:

Միաժամանակ, ան ռուսական «Առաջին ալիք» պատկերասփիւռի կայանի «Մեծ խաղ» հաղորդման ընթացքին յայտարարած է, որ կասկած չկայ` Քուրսքի մարզին վրայ յարձակած ուքրանական զինեալ ուժերու զինուորները պիտի ոչնչացուին:

«Էսոշիէյթըտ Փրես», յղում կատարելով Սպիտակ տան աղբիւրներուն, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Ուքրանիա պիտի ուղարկէ 125 միլիոն տոլարի զինուորական օգնութեան հերթական փաթեթը:

Փաթեթը պիտի ներառէ հրթիռներ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու համար, զինամթերք ՀԻՄԱՐՍ համազարկային կրակոցի համակարգերու համար, հակահրասայլային «Ճաւլին» շարժական եւ այլ համակարգեր, անօդաչու թռչող սարքերու դէմ պայքարի համակարգեր եւ սարքաւորումներ, 155 միլլիմեթր եւ 105 միլլիմեթր տրամաչափի հրետանային զինամթերք, փոխադրամիջոցներ եւ այլ սարքաւորումներ:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն բանի վրայ, որ մատակարարումը նշանակուած է այն պահուն, երբ Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի «Քիեւի Ռուսիա ներխուժումը աւելի լաւ հասկնալու ուղղութեամբ»:

Փենթակոնի բանբեր Սապրինա Սինկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները, հակառակ Քիեւի բացատրութիւններուն, տակաւին հարցումներ ունին Ռուսիոյ Քուրսքի մարզին մէջ Ուքրանիոյ գործողութիւններու նպատակներուն եւ խնդիրներուն շուրջ:

«Ինչ կը վերաբերի նպատակներուն, ապա ես ձեզի պիտի ըսեմ այն, ինչ որ քանի մը օր առաջ յայտնած է Զելենսքին. ատիկա արգելակիչ գօտիի ստեղծումն է: Ատոր առնչուած հարցումներ կան», յայտարարած է Սինկ:

Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին մտադիր է այդ բոլոր հարցերուն շուրջ հաղորդակցիլ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռուսթեմ Ումերովի հետ:

 

 

Նախորդը

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սահել Մեթն

Յաջորդը

Թրամփ. «Հարիս 7 Հոկտեմբերի Յարձակումին Պատճառ Դարձաւ, Իսկ Ես Իրանը Սնանկացուցի, Եւ Հըզպալլային Ուղարկելու Գումարներ Չունէր»

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.