Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւրը` Հայ Ժողովուրդի Յաղթանակած Փաստաթուղթը

August 23, 2024
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ

10 օգոստոս 1920-ին Հայաստանն ու հայութիւնը ապրեցան պատմութեան աստեղային պահերէն մէկը:

104 տարի առաջ, 10 օգոստոսին, ֆրանսական Սեւր քաղաքին մէջ պետական հանդիսաւոր շուքով ստորագրուեցաւ միջազգային դաշնագիր մը, որ նուիրագործեց Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական ճանաչումը:

Սեւրի դաշնագիրը նաեւ եղաւ միջազգային օրէնքի եւ իրաւունքի այն միակ փաստաթուղթը, ուր մանրամասնօրէն ճշդուած ու քարտէսագրուած են հայկական եւ թրքական պետութեանց միջեւ միջազգային սահմանները` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ատենի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ:

Սեւրի դաշնագիրը հանդիսացաւ պարտեալ Օսմանեան կայսրութեան եւ յաղթական դաշնակիցներուն միջեւ կնքուած խաղաղութեան ու հաշտութեան պայմանագիրը: Իբրեւ դաշնագիր` Սեւրը չգործադրուեցաւ: Հակառակ միջազգային օրէնքի իրենց պարտաւորութեանց` Սեւրի ստորագիր պետութիւնները դաշնագիրի գործադրութիւնը չհետապնդեցին իրենց օրէնսդիր իշխանութիւններուն մօտ: Քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական յաւելեալ շահեր կորզելու իրենց ագահութեամբ, դաշնակից ուժերը նախաձեռնեցին կողմնակի համաձայնութիւններու, որոնք պատճառ դարձան Սեւրի դաշնագրի գործադրման տապալումին: Բայց բոլոր փորձերը մնացին ապարդիւն` չկարենալով իրաւականօրէն փոխարինել Սեւրը:

Թրքական պետութեան ցեղասպան ղեկավարութեան ժառանգորդները հանգիստ պիտի չունենան, այնքան ատեն որ ձեռք ձգած չեն անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ Թուրքիոյ միջպետական սահմանագծի ճշդորոշման իրաւական, այլ նաեւ միջազգային ճանաչումի արժանացած այն նոր փաստաթուղթը, որ ի վերջոյ պիտի փոխարինէ Սեւրի դաշնագիրը:

Այո՛, թէեւ Սեւրի դաշնագիրը չգործադրուեցաւ, բայց նաեւ Հայաստանի վերաբերեալ իր յօդուածներով չփոխարինուեցաւ որեւէ այլ դաշնագիրով: Կարսի դաշնագիրը բնաւ չունեցաւ միջազգային իրաւականութիւն: Իսկ Լոզանի դաշնագիրը պարզապէս ուրացաւ, որ մեծապետական աշխարհը, միջազգային օրէնքի եւ իրաւունքի առումով, պարտական է Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին:

Մեր պարտաւորութիւնն է հետեւողական ըլլալ եւ հաւատարիմ մնալ այդ աշխատանքին ու կամքին, որովհետեւ, ինչպէս Սեւրի դաշնագիրէն առաջ, այնպէս ալ անկէ ետք Հայ դատը կը մնայ Հայաստանի ու հայութեան գոյատեւման գլխաւոր օրակարգը: 104 տարիներ առաջ, նախկին վարչապետ Օհանջանեանի եւ իր նման իտէալական ղեկավարներու շնորհիւ, հայ ազգը տէր տիրական կը դառնար ազատ, անկախ հայօրէն ապրելու իրաւունքին: Մեզի` երիտասարդութեան համար, պարտաւորութիւն կը մնայ մոռացման եւ ուրացման փոշիներէն հանել ու վերստին կեանքի կոչել Սեւրի դաշնագիրը: Այսօրուան դիւանագիտական պայքարը կը շարունակուի, մեր պարտականութիւնն է ոչ միայն նախնիներու օրինակով շարունակել, այլ նաեւ` փորձել անոնց գործերը կատարելագործել եւ գերազանցել:

Մանաւանդ` բոլոր ուժերով թումբ կանգնիլ Սեւրի պարտամուրհակը հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ձեռքէն խլելու թրքական պետութեան մերօրեայ սադրանքներուն:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Բանակցային Պարանաձգումի Հանգոյցներ

Յաջորդը

Սեւրի Նշանակութիւնը Եւ Լոզանի Անվաւերականութիւնը

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.