Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա. «Քուրսքի Հիւլէական Կայանը Հարուածելու Պարագային Ուքրանիան Անյապաղ Շատ Կարծր Պատասխան Պիտի Ստանայ»

August 19, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եթէ Քիեւի վարչակարգը իրականացնէ ցամաքամասի եւրոպական մասին մէջ հսկայական տարածքներու շողարձակ աղտոտութեամբ աղէտի յառաջացման ուղղուած իր յանցաւոր ծրագիրը, ապա անմիջապէս պիտի ձեռնարկուին կարծր զինուորական եւ ռազմական-արհեստագիտական պատասխան քայլեր», յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը` անդրադառնալով Ուքրանիոյ կողմէ Քուրսքի հիւլէական կայանին ուղղութեամբ յարձակումի նախապատրաստութեան մասին անկախ աղբիւրներէ ստացուած տեղեկատուութեան:

Նախարարութենէն աւելցուցած են, որ պատշաճ լրջութեամբ կը վերաբերին այդ լուրերուն:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ «խիստ բողոք» յայտնած է Մոսկուայի մէջ Իտալիոյ դեսպան Սեսիլիա Փիչոնիին: Պատճառը իտալական «Ռայ 1» պատկերասփիւռի կայանի վաւերագրական ժապաւէնն էր, որ նկարահանուած է Քուրսքի շրջանի Սուջա քաղաքին մէջ:

Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, լրագրողները «ապօրինի մուտք գործած են» Ռուսիոյ տարածք` լուսաբանելու «ուքրանացի զինեալներու կողմէ Քուրսքի շրջանին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը»:

Նախարարութիւնը աւելցուցած է, որ անվտանգութեան ուժերը կը զբաղին լրագրողներու գործողութիւններու «իրաւական գնահատումով» եւ սպառնացած են քրէական գործ յարուցել:

Իտալական «Ռայ 1» պատկերասփիւռի կայանը 14 օգոստոսին հրապարակած էր վաւերագրական ժապաւէնը: Թղթակիցներ Սթեֆանիա Պաթիսթինին եւ Սիմոնէ Թրայինին լուսանկարած են գնդակոծութենէն աւերուած տուները եւ զրուցած տեղւոյն բնակիչներուն հետ:

«Բոլորը տեսան, եւ, համապատասխանաբար, փորձագէտները կարդացին այն ենթադրեալ զեկուցումները, որոնք իրենք կատարած էին Քուրսքի մասին, ուր փաստերը բառացիօրէն ոչ թէ խեղաթիւրուած, այլ վերաշարադրուեցան, շրջուեցան, այսինքն` սեւը կը կոչուէր սպիտակ, իսկ սպիտակը` սեւ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

Նախորդը

«Իրան Պատրաստ Է Ռուսական Կազը Իր Տարածքին Ճամբով Փոխադրելու» Կ՛ըսէ Մոսկուայի Մէջ Իրանի Դեսպանը

Յաջորդը

Ապտելաթի. «Միջնորդները Անկեղծ Ջանք Կը Թափեն Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համար»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.