Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Հիասթափուած Եմ Վրաստանի Կառավարութեան Հակաժողովրդավարական Քայլերէն»

August 10, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի ընկերային ցանցերու վրայ տարածած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընէն ստացած նամակը, որ յղուած է 2008 թուականի օգոստոսեան պատերազմի 16-րդ տարելիցին առիթով եւ կ՛արտայայտէ Միացեալ Նահանգներու «անսասան» աջակցութիւնը Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան:

«Այս օրը մենք կը յիշենք Ռուսիոյ դաժան ներխուժման պատճառով սպաննուածները, վիրաւորները եւ ներքին տեղահանուածները, ինչպէս նաեւ ականատես կ՛ըլլանք Քրեմլինի մնայուն փորձին` ուժեղացնելու իր գերիշխանութիւնը բռնագրաւուած շրջաններուն վրայ` տեղւոյն բնակչութեան հաշուոյն: Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն մնալ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու մէջ Վրաստանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ամուր ջատագովը», նշած է Պայտըն:

Ան ընդգծած է վրացի ժողովուրդի վճռական կամքը` շարունակելու արտայայտել իր եւրատլանտեան ձգտումները:

«Միացեալ Նահանգները կ՛ողջունեն վրացի ժողովուրդի անդրդուելի հաւատարմութիւնը ժողովրդավարական ապագային… Հիասթափուած եմ Վրաստանի կառավարութեան հակաժողովրդավարական գործողութիւններէն, որոնց օրինակներէն են Քրեմլինեան «օտարերկրեայ գործակալներու» օրէնքը եւ վրացի պաշտօնատարներու կեղծ յայտարարութիւնները, որոնք չեն համապատասխաներ Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան չափանիշներուն: Հակառակ այս քայլերուն` մենք հաւատարիմ կը մնանք Վրաստանի ժողովուրդի եւ անոր եւրատլանտեան ձգտումներուն:

«Երկկողմանի յարաբերութիւններու 32 տարիներու ընթացքին Վրաստանը եւ Միացեալ Նահանգները միասին աշխատած են` պաշտպանելու խաղաղութիւնը, կայունութիւնը, ազատութիւնը եւ մարդու իրաւունքները: Այս հասարակաց արժէքները կը միաւորեն մեր երկիրները, եւ ես գիտեմ, որ այդ արժէքները ապագային պիտի միաւորեն մեր ժողովուրդները», նշած է Պայտըն:

Նախորդը

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Վաղը` Նըժմեթ Սահրա-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Յաջորդը

Թրամփ. «Համաշխարհային Պատերազմի Շատ Մօտ Ենք Եւ Ունինք Ղեկավարներ, Որոնք Չեն Գիտեր Անոր Նկատմամբ Ինչպէ՛ս Վարուիլ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.