Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցաւալի Մեկնում Մը Եւս. Ճարտարապետ Մկրտիչ Լ. Պուլտուքեան. Հայ Մշակոյթի Պաշտպանն Ու Ջատագովը

August 10, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Կը կորսնցնենք յարգելի ու պատուական ազգային մը եւս, որուն համակ կեանքը եղաւ` աշխատասիրութիւն ու ծառայութիւն, ազնուականութիւն ու բարեսիրութիւն:

Հանգուցեալ ՄԿՐՏԻՉ Լ. ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆը, ծանօթ էր` իր աշխատունակութեամբ, ժրաջանութեամբ, ձեռնհասութեամբ ու ճարտարութեամբ, միշտ օգտակար հանդիսանալով իր շրջապատին, բայց, ամէնէն աւելի խանդավառուելով ու հպարտանալով, իր հայրենիքի գոյութեամբ ու նուաճումներով, զանոնք նկատելով իւրաքանչիւր հայորդիի գերագոյն պարտականութիւնը եւ անգին նուիրականութիւնը:

Ընթերցասէր ու գրասէր էր` ջատագովը ըլլալով լաւին ու բարիին, անկեղծին ու պարկեշտին, վեհանձնին եւ առաքինիին, իրենց ամէնէն բարձր արժանիքներով եւ յատկանշելի գիծերով:

Շատ կը գործէր ու միշտ կը պրպտէր` ձգտելով դէպի նորագոյնին եւ ուսանելիին, արդիականին եւ իտէալականին, որովհետեւ կը հաւատար անոնց օգտակարութեան եւ այժմէականութեան` ի նպաստ մարդկութեան ու մասնաւորաբար իր ժողովուրդը պանծացնող գործօններուն:

Մկրտիչը որակեալ գործարար էր, խոհուն մտաւորական, հաճելի զրուցակից, համագործակցող տարր, սրտաբուխ բարեկամ, սակայն` միշտ զուսպ ու համեստ ցուցանիշերով, լրջամիտ ու հաւասարակշիռ մտածումներով:

Մկրտիչը յաճախած էր ՀԲԸ Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանը ու զայն յաջողութեամբ աւարտելէ ետք յաճախած էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, ուրկէ վկայուած էր որպէս խոստմնալից ճարտարապետ:

Դպրոցական օրերուն արուեստի, մշակոյթի ու գրականութեան նկատմամբ ունէր գնահատելի հետաքրքրութիւններ, նաեւ մարզական կեանքի, յատկապէս` պասքեթպոլի հանդէպ, ըլլալով յաղթանդամ եւ երկարահասակ, իսկ ՀԵԸ-ի սկաուտական մարզէն ներս եւս իր գործունէութիւնը ծաւալելով:

Ինչպէս իր ժամանակակից դասընկերները եւ առհասարակ աշակերտութեան մեծ մասը, բոլորն ալ նուիրուած էին իրենց ուսման յաջողութեան ճիգերուն, մտային զարգացումներուն, հայրենական կեանքին, Զարեհ Նուպարեան միջոցառումներուն, «քիչ մը ամէն բան»-ի գեղարուեստական յայտագիրներուն, «Նուիրում» պարբերաթերթին աջակցութեան, միշտ տիպարային եւ օրինակելի դերակատարումներով ու մասնակցութիւններով:

***

Հետագային Մկրտիչը մուտք գործեց ասպարէզային բնագաւառին մէջ` հասնելով շօշափելի արդիւնքներու, ու հիմնեց իր անձնական պանդոկը` «Garden Tower», Անթիլիասի հայահոծ մէկ շրջանին մէջ, զոր դարձուց նաեւ մշակութային-արուեստի հանրամատոյց կեդրոն մը:

Յայտնի էր, որ Մկրտիչի մտքին մէկ անկիւնը կար նման խօսուն ու գրաւիչ հարթակ մը ստեղծելու հաւանականութիւնը, անշուշտ երբ «զանգակը» հնչէր, քանի ատիկա իրեն համար կիրարկելի երազի մը իրականացումը պիտի ըլլար:

Մկրտիչ կ՛ապրէր իր ոգեկոչելի օրերը, ի տես, նախ` իր հիւրանոցային շքեղ կառոյցին, ապա, եւ գլխաւորաբար, իր մշակութային օճախին ծնունդ տալու ուրախ աւետիսին:

Արդարեւ, պանդոկին մշակութային սրահը, իր համապատասխան բաժիններով, շուտով դարձաւ արուեստագէտներու, մշակութաբաններու, մտաւորականներու, լրագրողներու, մանկավարժներու մեղուաշէն բոյն մը, ուր հաւաքներ տեղի կ՛ունենային, ելոյթներ կ՛արձագանգուէին, հանդէսներ կը շեփորուէին, ականաւոր դէմքեր ու հիւրեր կը դասախօսէին, իսկ ունկնդիրներու մեծ թիւ մը կը վայելէր այդ բոլորը:

Մկրտիչ սիրայօժար իր դռները բացած էր բոլորին առջեւ` առանց պայմաններու կամ ակնկալութիւններու, որովհետեւ կը հաւատար իր համոզմունքներուն եւ այդ ոգիով ալ գնահատելու հայ մշակոյթը եւ արուեստը, արուեստագէտներն ու արուեստասէրները:

Հոս պարտք կը զգամ հոգեւին արձանագրելու, որ երբ օրուան Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ իմ հրապարակագրական-խմբագրական-լրագրական վաստակիս համար ինծի շնորհեց Լիբանանի «Մայրիներու արժանեաց» շքանշան ու պատուոյ վկայական (2007-ին), Մկրտիչը իմանալով այս ջերմագին լուրը, անմիջապէս հետս կապուելով` տեղեկացուց, որ սիրով իր մշակութային կեդրոնը կը տրամադրէ այդ տուչութեան արարողութեան, մեծապէս շնորհաւորելով զիս այս պատուաբեր շքանշանակրութեան առիթով, ներկայութեամբ հայ եւ արաբ արուեստագէտներու, մտաւորականներու ու լրագրողներու:

Այսպէս էր Մկրտիչը բոլոր իր բարեկամ մտաւորականներու նկատմամբ, զանոնք հիւրընկալելով ու պատուելով, ամէն առիթով, երբ պատեհութիւնը ստեղծուէր:

***

Կ՛արժէ յիշել նաեւ, որ Մկրտիչը Բարեգործականի վեթերան էր, դպրոցական տարիներէն մինչեւ իր շիջումը, հետեւաբար անակնկալ չէր, որ յատենի ղեկավարութիւնը զինք հրաւիրեց մաս կազմելու ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովին եւ ատենապետ` միութեան կրթական յանձնախումբին, ուր ան յաջորդական տարիներ զգալի գործունէութիւն ծաւալեց` ի մասնաւորի մասնագիտական գծով իր գիտելիքները ու փորձառութիւնները ի սպաս դնելով միութեան շարք մը ծրագիրներու իրականացման:

***

Այսօր Մկրտիչը ոչ եւս է, անդարձօրէն մեկնած է այս աշխարհէն, լուռ ու մունջ, սակայն` իր ետին ձգելով ազնիւ անուն մը, յիշատակելի վաստակ մը եւ ազգային-միութենական ծառայութիւններու շարան մը:

Եթէ ան վերջին տարիներուն բացակայեցաւ հայկական հրապարակներէն, բայց չանհետացան անոր ներդրումները, դերերն ու գործարքները բազմաթիւ ոլորտներէ ներս:

Յիշատակը մնայ անմար` իր անձով, գործով ու վաստակով:

Պէյրութ

Նախորդը

Մկրտիչ Լուտվիկ Պուլտուքեանի Առյաւէտ Հեռացման Առիթով

Յաջորդը

Սեւրի Դաշնագիրի 104-Ամեակ. Սեւրի Դաշնագիրը Հիմնաքար` Ամբողջական Հայաստանի Տեսլականին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.