Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը

July 26, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զինեալ պայքարը մնայուն կերպով եղած է հայութեան եւ  Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օգտագործած ամէնէն ազդու եւ հիմնական միջոցներէն մէկը: Արդարեւ, անիկա միակ միջոցն էր դէմ դնելու Կարմիր սուլթանին եւ Օսմանեան կայսրութեան ոճրագործ քաղաքականութեան: Աւելի ուշ «Նեմեսիս» գործողութիւնը հանդիսացաւ արդարահատոյցներու նոր փաղանգի մը համախմբման օրրանը, որուն ընդմէջէն վերանորոգուեցան` ազգային ինքնավստահութիւնը, կամքը եւ ամբողջ ազգի մը արժանապատուութիւնը:

Հետեւաբար ազգային-ազատագրական պայքար մղած հայ ժողովուրդին ու ՀՅԴ-ին համար ապստամբութիւնները, ցուցական արարքները եւ մարտական գործողութիւնները կը հանդիսանան պայքարի նպատակայարմար միջոցներ, յատկապէս երբ պահն ու պայմանները վճռական են: Ուստի, կատարուած աշխատանքները «ահաբեկչական» դասելը պարզապէս կը նուաստացնէ ժողովուրդի մը պայքարունակ ոգիի արտայայտութեան կանչը: Զինեալ պայքարի տարիներուն այդ գործողութիւնները նպաստեցին յեղափոխականներու մարտունակութեան ամրապնդման եւ կամքի հզօրացման: Միւս կողմէ` առիթ հանդիսացան արժանի կերպով քանդելու Թուրքիոյ եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ Հայ դատի նկատմամբ պարտադրուած լռութեան պատը: Աւելի՛ն. այս գործողութիւնները սաստեցին նաեւ բոլոր անոնք, որոնք առնուազն միտք ունէին հարուածելու հայ ժողովուրդը եւ Հայ դատը:

Այս իրավիճակին մէջ իւրայատուկ հանդիսացաւ 27 յուլիս 1983-ին «Հայկական յեղափոխական բանակ»-ին տուած ուժգին հարուածը` Լիզպոնի գործողութիւնը: Սեդրակ Աճեմեան, Սիմոն Եահնիեան, Արա Քըրճըլեան, Սարգիս Աբրահամեան եւ Վաչէ Տաղլեան իրենց սխրագործ արարքով զգուշացման բռնկող ձայնով մը ամբողջ աշխարհը հրաւիրեցին զգաստութեան: Լիզպոնի գործողութիւնը պարզապէս աղմուկ ստեղծող արարք մը չէր, այլ մարմնաւորումն էր աւելի քան 65 տարիներէ ի վեր ննջող վրէժխնդիր եւ խեղդամահ ըլլալու աստիճանի հասած ձայներու արտայայտութեան:

Լիզպոնի գործողութենէն ետք լիբանանահայութիւնը եւս մեծ փոփոխութիւններ կրեց: Անմասն չմնաց նաեւ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը: Չմոռնանք, որ Լիզպոնի հինգը ծնած էին տակաւին 10 տարիներ բոլորած ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութենէն: Անոնք ստացած էին յեղափոխական եւ գաղափարական լաւագոյն դաստիարակութիւնը: Հասակ առած ու ամրապնդուած էին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական դպրոցին մէջ ու դարձած` տիպար դաշնակցականներ:

Այսօր, 41 տարիներ ետք, ԼԵՄ-ականները տակաւին կը դաստիարակուին Սեդրակի, Սիմոնի, Արայի, Սարգիսի եւ Վաչէի օրինակներով: ԼԵՄ-ական ընկերներու շրթներէն տակաւին կը լսենք Լիզպոնի Հինգին խօսքերը, որոնք ամրագրուած կը մնան մեր բոլորին սրտերուն մէջ: Հետեւաբար երիտասարդութիւնը պատրաստ է ազգին, հայրենիքին ու Հայ դատին համար մղելու բազմաճիւղ պայքարներ: Դաշնակցական երիտասարդութիւնը կ՛ակնկալէ գաղափարական, դիւանագիտական, կազմակերպական, կարգապահական եւ ընկերատնտեսական գործունէութիւն եւ պատասխանատուութիւն: Կ՛ակնկալէ վերականգնում, վերակենդանացում եւ վերելք: Կ՛ակնկալէ զարթօնք: Կ՛ակնկալէ նորարար միջոցներով յատկանշուած վերադարձ դէպի արմատներ:

Նախորդը

ԼԵՄ-Ականներուն Մտորումները` Լիզպոնի Եւ Անոր Այժմէականութեան Մասին

Յաջորդը

41-Ամեակ Լիզպոնի Գործողութեան. Լիսաբոնի Հինգը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.