ԼՈՒԻԶԱ ՊԱՊՈՅԵԱՆ – ԱԶԷԶԵԱՆ
«Վաղուան հայութիւնն է, որ կը մեծնայ պատանեկան համախմբումին մէջ: Հոն է, որ կը կազմաւորուի նոր հայութիւնը, այդ խանդավառ սրտերուն մէջն է, որ կը մակարդուի հայ ժողովուրդին նուիրուելու ազնուագոյն գաղափարը»
ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ
Պատանեկան միութիւնները դաստիարակչական այն դպրոցներն են, ուր ճիգ չի խնայուիր պատանիներուն ջամբելու հայեցի դաստիարակութիւն` զանոնք քաջատեղեակ դարձնելով Հայոց պատմութեան ու ազգային արժէքներուն:
Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինն ու վարիչ կազմերը տարեկան իրենց աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ կը յատկացնեն այլազան ծրագիրներու մշակման, ինչպիսիք են` դասախօսութիւններ, մասնագիտական մօտեցումով պատրաստուած սեմինարներ, զրոյցներ, միացեալ ժողովներ ու բանակումներ, որոնց նպատակն է կերտել արթուն միտք ունեցող եւ համամարդկային արժէքներով տոգորուած այն պատանին, որ հեռու պիտի մնայ յոռի երեւոյթներէ:
Այս եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու առաքելութիւնը. կազմաւորել կարգապահ ու օրինակելի սերունդներ` ի շահ հայութեան ու հայրենիքին:
***
Դժուար է պատանեկան տարիքը. հոն ապագայ մարդն է խաչմերուկի մը վրայ: Հոն որոշումներ կայացնելու ժամն է, որ հայ պատանիին համար աւելի կանուխ կը հնչէ, քան` այլ ազգերու պատկանող իր տարեկիցներունը: Հոն սովորական կեանքի ընթացիկ հաճոյքները կը փոխարինուին անկրկնելի հաճոյքով մը, որն է` սրբազան Դատի մը նուիրեալը եւ հարուստ անցեալի մը բախտաւոր ժառանգորդը ըլլալը:
Եւ մեր ակնկալութիւնները մեր կազմակերպութեան տարիքով ամէնէն փոքր անդամներով կազմուած պատանեկան միութիւններէն կը մնան մի՛շտ բարձր:
Անոնք ալ մի՛շտ պատրաստ են զանազան միջոցներով վճռակամօրէն արտայայտելու իրենց պահանջատիրական ոգին. ինչպէս մօտիկ անցեալին էր` Տաւուշի յանձնումին դէմ զօրակցական հաւաքները, ցոյցերն ու քայլարշաւները, որոնք հասան մինչեւ միջազգային կազմակերպութիւններու կեդրոններ` պահանջելով արդարութիւն, Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլում:
***
Պատահմամբ չէ, որ Պատանիի օրը կապուած է մեր յեղափոխական պատմութեան մէջ նշանակալից խորհուրդ կրող մէկ արշաւանքին` Խանասորի արշաւանքին հետ, որ ներշնչման աղբիւր մը հանդիսացած է հայութեան համար. անկիւնադարձ մը` մեր յեղափոխական պատմութեան մէջ հայ մարդու պատմական տիպարը վերականգնելու իմաստով:
Խանասորի արշաւանքին ընդմէջէն արտայայտուած է դաշնակցական ֆետայիին բարձր նկարագիրը եւ բարոյական խստապահանջութիւնը:
Ինչպէ՞ս կարելի է մոռացութեան տալ այս սրբազան արշաւանքին անժամանցելի պատգամին մեծութիւնը, մարդկայնութիւնն ու ազգային արժէքը, երբ Նիկոլ Դումանի նման ռազմիկի մը հրահանգով կը թելադրուէր արշաւանքի ընթացքին երբե՛ք ձեռք չբարձրացնել մանուկներուն, կիներուն եւ ծերունիներուն` բարձր պահելու համար ֆետայիի արժանապատիւ տիպարն ու բարոյական արժանիքը: Այդպէս է, որ ֆետայիին գովքը հիւսած են քիւրտերը եւ հաստատած` հայ ազատագրական պայքարին արդարամիտ դիմագիծը: Իրենց մեռելներուն հետ նոյն դամբարանին մէջ թաղած են նահատակ ֆետայիները եւ հասարակաց տապանաքարին վրայ գրած` ՀՈՍ ԿԸ ՀԱՆԳՉԻՆ ԵՐԿՈՒ ՑԵՂԵՐՈՒ ԿՏՐԻՃՆԵՐԸ:
Տակաւին, Խանասորը կը խորհրդանշէ շա՛տ աւելին, որովհետեւ ֆետայիներուն գնդակները կը տեղային ո՛չ միայն դաշնակցական Պետոյին, այլ նաեւ արմէնական Աւետիսեանին եւ հնչակեան Մարտիկին եւ անոնց ընկերներուն սպանութեան վրէժը լուծելու համար:
Խանասորի գործողութեամբ կը նուիրագործուէր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համաժողովրդային դիմագիծը, կը փաստուէր նաեւ իր յեղափոխական լայնամտութիւնը: Մէ՛կ ազգի եւ մէ՛կ պայքարի գաղափարին խոր հաւատքը:
Արդարեւ, Հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած սքանչելի այս դիպաշարը, ինչպէս` ատենին եւ հետագայ բոլոր տասնամեակներու ընթացքին, շարունակեց համակել հայութիւնը եւ առաջնորդել երիտասարդութիւնը: Այսօր ալ նման ֆետայական քաջագործութիւն կը պահէ իր թարմութիւնը, ազգային ու մարդկային իմաստն ու դաստիարակիչ խորքը եւ արժանի է, որ յիշուի, ու անոր պատգամը փոխանցուի սերունդէ սերունդ:
Այս սրբազան խորհուրդը շարունակելու համար պայման է, որ ունենանք յեղափոխական կամքին, մտքին ու խղճին կառչած սերունդներ:
Այս նպատակով է ահա, որ մեր պատանեկան միութիւնները կը շարունակեն գործել` պատրաստելով հազարաւորներ, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն ծառայել մեր կազմակերպութեան շարքերուն մէջ եւ մեր ակումբներէն ներս:
Մեր ակումբները, որոնք մեր հեռաւոր հայրենիքի պատկերներն են: Որքան ալ անշուք ըլլան, անոնք հայրենի հարազատ տուն մըն են. անոնց յարկին տակ հայրենասիրութիւնը վերածուած է իսկական ապրումի մը` մեր անմահ հերոսներու շունչին տակ: Քրիստափոր, Ռոստոմ, Զաւարեան, Մուրատ, Նիկոլ Դուման, Գարեգին Նժդեհ, Հրայր Դժոխք, Արմէն Գարօ, Կոմս եւ բիւրաւոր հերոսներու գաղափարական շունչն է հոն, եւ անոնց անուններն են, որ կը կրեն մեր պատանեկան միութիւնները:
***
Միութեան, ազգին ու հայրենիքին շահը անհատականէն աւելի բարձր դասել: Այս ոգիով է, որ մեծցան առաջին հարիւրամեակի սերունդները: Այսօր կա՛յ նոյն ոգին, որ արդի պատանեկան հոգիներուն մէջ ծաղկեցնելու համար կը կարօտի մօտեցումի նոր եղանակներու` ժամանակներու պահանջներուն համապատասխան:
Այս գիտակցութեամբ ԸՎՄ-ի ծրագրին մէջ յատուկ եւ լայն բաժին մը յատկացուած է վարիչ ընկեր եւ ընկերուհիներու վարժողութեան` նկատի առնելով, որ անոնց յանձնուած է աշխատանքի գերակշիռ բաժինն ու պատասխանատուութիւնը: Փաստօրէն մեր ԼԵՄ-ական, ԶՈՄ-ական կամ երէց ընկերուհիներն ու ընկերները ամբողջական նուիրումով կը ձգտին լաւագոյնս կատարելու այս ազնուական գործը` մանկավարժական մօտեցումով, յարգելով պատանեկան տարիքի հոգեմտաւոր աճումն ու առողջ հաճելի ընկերային մթնոլորտի կարեւորութիւնը:
Վա՛րձքը կատար մեր նախկին ու ներկայ բոլոր վարիչներուն եւ վարչուհիներուն:
***
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնը մարդուժի պատրաստութեան ա՛յն միջավայրն է, ուր պատանիները ո՛չ միայն մարդկային ու ազգային արժէքներով պիտի կազմաւորուին, այլ նաեւ առիթ պիտի ունենան հետեւելու տարբեր տեսակի վարժողական այժմէական ծրագիրներու` զարգացնելով իրենց ընկերային հմտութիւններն, քննական միտքը ու ինքնավստահութեամբ դիմագրաւելու համաշխարհային նոր հրամայականները:
Այսօր, երբ մարդ անհատն ու յատկապէս հայը կը դիմագրաւեն բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, մեր վարիչներուն եւ ԸՎՄ-ին աշխատանքը աւելի բարդ է ու դժուար:
Բոլորովին տարբեր են պայմանները այսօր: Դժուար է առանց Արցախի ու վտանգուած Հայաստանի աշխատիլ` պահելու համար իւրայատուկ ինքնութիւն եւ պատրաստելու հազարամեայ հայ մարդուն ազգային ու բարոյական արժէքներով մկրտուած վաղուան երիտասարդը:
***
Բացառիկ կացութիւնները բացառիկ միջոցներ կը պահանջեն, եւ մենք պարտաւոր ենք մտածել բոլոր այն հնարաւորութիւններուն մասին, որոնք հայ պատանիին մէջ պիտի խորացնեն բարձր արժէքներու գիտակցութիւնը, նուիրումը` հայրենիքին ու ժողովուրդին, սէրը եւ փափաքը` պահպանելու աւանդականը` որպէս ազգային հարստութիւն եւ ոչ պարզապէս ծանր բեռ եւ ստիպողական պարտականութիւն:
Իսկ պատասխանատուները մենք բոլորս ենք` չափահաս փորձառու սերունդները: Մենք իրաւունք չունինք մեր պատանիներուն, զաւակներուն կամ աշակերտներուն առջեւ յուսահատ հայրենիք պահպանելու անիմաստ ճիգերու մասին խօսելու, անհաւասար ուժերու համեմատութեան առջեւ պարտուողներուն պարտադրուած խաղաղութեան ճակատագիրը արդարացնելու` ոտնակոխ ընելով մեր հեռու եւ մօտ անցեալին արձանագրուած յաղթանակները, որոնք միշտ ալ անհաւասար ուժերու համեմատութեամբ ձեռք բերուած են:
Իրաւունք չունինք ստորադասելու հայկականը եւ յետոյ գանգատելու, թէ ինչո՞ւ մեր զաւակները ձուլումի ճամբան բռնած են, կամ ինչո՞ւ օտարամոլութիւնը թափանցած է մեր թաղերուն եւ նոյնիսկ մեր տուներուն մէջ:
Իրաւունք չունինք անտեղի քննադատելու, վարկաբեկելու եւ արժեզրկելու` կուսակցութիւնը, հայ դպրոցը, եկեղեցին ու միութիւնները եւ յետոյ եզրակացնելու, որ նոր սերունդը ոչինչի կամ ոչ ոքի հանդէպ յարգանք ունի:
Ուշադիր, թէ ի՛նչ կը ցանենք, սիրելի՛ ներկաներ եւ մանաւանդ մեր իրականութենէն դժգոհ, յուսահատած եւ մեկուսացած բացականեր:
Մենք կոյր չենք, ոչ ալ` իրականութենէն անջատուած, բայց մենք կը հաւատանք, որ շատ բան կրնանք փոխել եւ պիտի փոխենք. մենք կը հաւատանք, որ խօսքը առանց գործի մեռեալ է եւ ՄԱՀԱՑՈՒ է, որովհետեւ գործն է ի վերջոյ, որ պիտի փոխէ իրականութիւնը եւ հաստատէ նորը:
Մենք ճակատագրի հաւատացողներ չենք, այլ` յարութեան եւ սրբազան պայքարի առաքեալներ:
Սիրելի՛ ծնողներ,
Շնորհակալութիւն` ձեր վստահութեան. հպարտ եղէք, որ ձեր զաւակները ջահակիրներն են ազգի ու հայրենիքի պահպանութեան:
Կը խոստանանք, որ պատանիներուն պիտի տրամադրենք ապահով միջավայր, միջոցներ` ինքնադրսեւորելու եւ ազատ արտայայտուելու համար:
Պիտի աշխատինք որակին վրայ, պատանիները սնուցանենք այն մտքով, որ պէտք է ձգտին լաւագոյնին, ըլլան շատ մրցունակ եւ ինքնավստահ:
Քաջատեղեակ ենք, որ հայ ընտանիքը, բայց նաեւ հայ դպրոցն ու յատկապէս հայրենի տունը` ակումբը, կը հասնին պատանեկան տարիքի պէտքերուն, կը գուրգուրան ու հետեւողական ցուցմունքներ կու տան:
Իրերայաջորդ կեդրոնական կոմիտէներ եւ շրջաններուն կոմիտէներ իրենց առաջնահերթութիւնը նկատած են ու կը շարունակեն նկատել ՊՄ-երը եւ իրենց հարազատ զաւակներուն նման կը ջանան լաւագոյնը տրամադրելու` իւրաքանչիւրը իր կարողութիւններու սահմաններուն մէջ եւ երբեմն ալ աւելին:
Քաջալերեցէ՛ք ձեր շրջապատը, որ անդամակցին մեր միութիւններուն` ըլլան անոնք մշակութային, մարզական, սկաուտական, եկեղեցական, բարեսիրական, ուսանողական, երիտասարդական եւ մանաւանդ պատանեկան:
Բախտաւոր է լիբանանահայութիւնը, որ կրնայ վայելել այս բոլոր կառոյցները եւ հնարաւորութիւնները` իր անմիջական շրջակայքին մէջ:
Ուղղեցէք ձեր զաւակները ու պիտի տեսնէք, որ առաջին շահաւորը դուք պիտի ըլլաք` ձեր զաւակը, ձեր ընտանիքը եւ ինքնաբերաբար հայ ազգը:
Վստահեցէ՛ք մեզի, վստահեցէ՛ք 134 տարեկան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին եւ 101 տարեկան պատանեկան միութիւններուն:
Միասին վերցնենք մեր բահն ու բրիչը եւ սկսինք այս բարեբեր արտերու մշակման գործին եւ միասնաբար վայելենք պատուաբեր հունձքը:
***
Սիրելի՛ պատանիներ,
Պատանի էք աշխարհի բոլոր պատանիներուն նման, բայց` որքա՜ն տարբեր անոնցմէ: Հայ դատի ժառանգորդներ, որքա՜ն յոյսեր կան` կապուած ձեր քայլերուն հետ, որքա՜ն սպասում` ձեր վաղահաս լրջութեան:
Անսովոր են պայմանները, դժուար են ժամանակները, բայց անսովոր է նաեւ հարստութիւնը, որ այսօր ձերն է եւ կու գայ մեր դիւցազնատիպ հերոսներէն ու ձեր հայրերուն արիւնովը ներկուած լեռներէն ու դաշտերէն:
Մեր սերունդը իրականացուց Արցախի երազը, որ դժբախտաբար այլ աւարտ ունեցաւ դաւաճաններու ձեռամբ: Սակայն ազատ, անկախ Արցախ եւ Արցախի քայլերով, ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստան ունենալը անկարելի չէ եւ պէտք չէ ըլլայ: Իսկ դաւաճաններն ու ազգավաճառները Հայոց պատմութեան աղբամանին մէջ միայն լայն եւ յաւիտենական տեղ կրնան գտնել: Դուք մարտահրաւէրը եւ առիթը ունիք այսօր անգամ մը եւս վերադարձնելու Արցախը, կերտելու ազատ, անկախ, հզօր պետականութիւն` համայն հայութեան պետութիւն:
Սիրելի՛ պատանիներ, եղէք նախաձեռնող, օգտուեցէք 21-րդ դարու ընձեռած բոլոր հնարաւորութիւններէն եւ առաւելութիւններէն, բայց միշտ յիշեցէք, որ ամենակարեւորը ՄԱՐԴՆ է:
Արթուն պահեցէք ձեր քննական միտքը` զանազանելու ճիշդը սխալէն, օգտակարը վնասակարէն, թշնամին բարեկամէն, բայց նաեւ` հասկնալով, որ քաղաքական, միութենական, անձնական եւ ընդհանրապէս կեանքի մէջ միայն երկու գոյն չկայ, այլ կան հազարաւոր կարելիութիւններ. իսկ ծայրայեղութիւններով կարելի չէ զարգանալ, ոչ ալ յարատեւել:
Նախանձախնդիր եղէք պահելու` հայ ընտանիքը, եկեղեցին, դպրոցը, ակումբը. պաշտպանեցէք ազգն ու հայրենիքը` գործնական հայրենասիրութեամբ:
Մի՛ մոռնաք ձեր դաշնակցական պատանիի խոստումը`
«Դառնալ սրտով մաքուր, մտքով վսեմ, արի ու կարգապահ:
Սիրել ընկերը իր անձին պէս:
Յարգել հայրենիքին ծառայող բոլոր հայորդիները:
Ամբողջ էութեամբ սիրել ու սիրցնել` ազգին նուիրական աւանդութիւնները, լեզուն, պատմութիւնը, գիրը, եռագոյնը, երգը եւ մնացեալ բոլոր արժէքները»:
Կը մաղթեմ ձեզի յարատեւ յաջողութիւն` շարունակելու պատանեկան միութեան երթը:
Պիտի դառնաք ապագայի օրինակելի ղեկավարներ, որոնք պիտի կերտեն ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:
***
Եւ վերջապէս, սիրելի՛ ներկաներ,
Եթէ այսօր հոս կը գտնուինք, կը նշանակէ, որ կը հաւատանք այս դաստիարակութեան, կը հաւատանք Դաշնակցութեան առաքելութեան, միացէք մեզի` տարածելու եւ ամրապնդելու մարդկային ու ազգային գերագոյն արժէքները:
Մի՛ զրկէք հայ պատանին հայօրէն ապրելու իրաւունքէն:
Երբեք մի՛ ստորադասէք մեր երակներուն մէջ բաբախող հայութիւնը եւ արիւնով պաշտպանուած հայրենիքը:
«Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում, բայց մեզ էլ գիտենք` մեզ հա՜յ են ասում:
Եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք…
Կա՛նք: Պիտի լինե՛նք: Ու դեռ շատանա՜նք»:
* «Պատանիի օր»-ուան նուիրուած հանդիսութեան արտասանուած խօսք:


