Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիս Կը Խոստանայ Պարտութեան Մատնել Թրամփը

July 24, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սի.Էն.Էն.»-ն ու ամերիկեան այլ լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս նախագահական ընտրութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու նշանակուելու համար դեմոկրատական պատգամաւորներու քուէներու բաւարար թիւ ապահոված է:

Ան 4000 պատգամաւորներէն 1976-ին աջակցութեան կարիքը ունի Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն դառնալու համար: Ամերիկեան լրատուամիջոցներուն համաձայն, Հարիս այդ թիւէն աւելին ապահոված է:

«Հպարտ եմ Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն դառնալու համար բաւարար աջակցութիւն ապահովելուս համար», ըսաւ Հարիս:

Անոր ընտրական գրասենեակը նաեւ յայտարարեց, որ մէկ օրուան մէջ 81 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն ապահոված է:

Հարիս իր ընտրարշաւի առաջին հաւաքին ընթացքին խոստացաւ արհեստական վիժումի դիմելու իրաւունքը դարձնել իր ընտրարշաւի կարեւոր կէտերէն մէկը. «Պիտի պայքարինք իրենց մարմինին վերահսկելու կիներու իրաւունքին համար` գիտակցելով, որ եթէ Թրամփին առիթ ընծայուի, ան ամերիկեան բոլոր նահանգներուն մէջ արհեստական վիժումը պիտի արգիլէ»:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը նաեւ խոստացաւ 5 նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան ընթացքին պարտութեան մատնել Տանըլտ Թրամփը, սակայն ընդունեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ընտրական պայքարէն դուրս գալու որոշումը «վերիվայրումներ» պատճառած է:

Հարիս Տելաուերի մէջ իր ընտրական գրասենեակի անդամներուն յայտնեց. «Յառաջիկայ 106 օրերուն ընթացքին մեր ծրագիրը պիտի ներկայացնենք ամերիկացի ժողովուրդին եւ պիտի յաղթենք»:

«Վերիվայրումներ տեղի ունեցան, եւ այդ առնչութեամբ բոլորիս մօտ շարք մը խառն զգացումներ կան: Կ՛ուզեմ միայն ըսել, որ Ճօ Պայտընը կը սիրեմ», ըսաւ ան:

Պայտըն Ուելնկթընի մէջ ընտրարշաւի կեդրոնին հետ, ուր կը գտնուի Քամալա Հարիս, հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց. «Անունս քուէաթուղթերուն վրայ պիտի չըլլայ, սակայն լիիարժէք կերպով պիտի մասնակցիմ, եւ ես վճռած եմ շարունակել աշխատանքը եւ պիտի շարունակեմ յանձնառու մնալ նախագահական պարտականութեանս կատարման»:

«Նախագահական ընտրապայքարէն հեռանալը ճիշդ որոշումն էր, եւ Քամալա Հարիսին ինձմէ ուզածն ու կարիք ունեցածը պիտի ընեմ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կ՛ուզեմ, որ Քամալա Հարիսը իմանայ, որ միշտ իրեն թիկունք կը կանգնէի, եւ անոր կը խոստանամ, որ իրեն միշտ պիտի աջակցիմ»:

«Տակաւին կարիքը ունինք այս ժողովրդավարութիւնը փրկելու, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը տակաւին հասարակութեան համար վտանգ կը ներկայացնէ», նշեց Պայտըն:

 

 

Նախորդը

Մոսկուա. «Ռուսիան Եւ Իրանը Աւարտեցին Պատրաստութիւնը Իրենց Միջեւ Համապարփակ Գործակցութեան Համաձայնութեան, Որուն Պատմական Ստորագրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Մօտ Օրէն»

Յաջորդը

Քրեմլին. «Ռուսիան Կ՛ուզէ, Որ Թուրքիան Եւ Սուրիան Իրենց Յարաբերութիւնները Կարգաւորեն»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.