Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քամալա Հարիս Պատրաստ Է Պաշտօնապէս Նախագահի Թեկնածու Առաջադրուելու

July 23, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս յայտարարեց, որ մտադիր է պաշտօնապէս առաջադրուիլ Դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ եւ նոյեմբեր 2024-ի նախագահական ընտրութեան յաղթել հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփին:

Գործող նախագահ Ճօ Պայտըն, որ դուրս եկաւ ընտրապայքարէն, յորդորած էր Քամալա Հարիսը առաջադրել իբրեւ նախագահի թեկնածու:

«Ես ինձմէ կախեալ ամէն բան պիտի ընեմ` միաւորելու Դեմոկրատական կուսակցութիւնը եւ միաւորելու մեր երկիրը` Տանըլտ Թրամփին յաղթելու համար», ըսաւ Հարիս:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պայտընին իր թեկնածութիւնը առաջադրելու համար եւ նախագահական ընտրապայքարէն դուրս գալու անոր որոշումը նկատեց «անձնուրաց ու հայրենասիրական»: «Մենք մինչեւ ընտրութիւնները 107 օր ունինք: Միասին պիտի պայքարինք: Միասին պիտի յաղթենք»:

«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ դեմոկրատական ծերակուտականներուն մեծամասնութիւնը զօրակցութիւն յայտնած է Հարիսի թեկնածութեան, ինչպէս նաեւ 50 նահանգներու մէջ Դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավարները: Անոր զօրակցութիւն յայտնեցին նաեւ Պիլ եւ Հիլըրի Քլինթընները:

«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ Պայտընի ընտրապայքարէն դուրս գալը յայտարարելէն վայրկեաններ ետք յայտնած է. «Պայտըն մեր երկրի պատմութեան մէջ բացարձակապէս յոռեգոյն նախագահն է, իսկ Քամալա Հարիսը պարտութեան մատնելը Պայտընը պարտութեան մատնելէն դիւրին պիտի ըլլայ»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով մեկնաբանելով Պայտընի հրաժարականը յայտնեց. «Ռուսիոյ համար առաջնահերթութիւն է յատուկ գործողութեան նպատակներուն հասնիլը եւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգներու ընտրութեան արդիւնքը»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի պաշտօնավարման յանցագործ շրջանը պէտք է հետաքննուի»: Ան չյստակացուց, թէ ո՛վ պէտք է հետաքննուի:

«Ամէն ինչ պէտք է կեդրոնացնել յանցագործութիւններուն վրայ, որոնք կատարուած են անոր նախագահութեան հովանիին տակ», նշեց Զախարովա: Իբրեւ այդպիսի յանցագործութիւններ ան թուարկեց զէնքի անվերահսկելի մատակարարումը Եւրոպա եւ ատոր տարածումը ամբողջ ցամաքամասին մէջ, եւրոպական երկրի (Ուքրանիոյ, «Ա.») մը ահաբեկչական վարչակարգով ահաբեկչական պետութեան վերածուիլը, Եւրոպական Միութեան տնտեսութիւններուն փլուզումը:

 

 

Նախորդը

Պորել. «Այն, Ինչ Որ Կազայի Մէջ Կը Պատահի, Կարելի Չէ Ընդունիլ, Եւ Ներկայիս Իսրայէլի Հետ Գործակցութիւնը Շարունակելը Կարելի Չէ»

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Մեկնելուն Նախօրեակին. «Պայտընին Շնորհակալութիւն Պիտի Յայտնեմ Իսրայէլի Համար Կատարածին Համար, Եւ Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը Պիտի Քննարկենք» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.